Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք նկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին:
Զօրավար Անդրանիկ (Անդրանիկ Օզանեան) – պրոնզ եւ պազալտ, հեղինակ`Արա Շիրազ, ճարտարապետ՝ Ասլան Մխիթարեան։ Տեղադրուած է 2002 թուականին Տիգրան Մեծ պողոտայի մէջ, Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմաց:
Քանդակի երկու ձիերը կը խորհրդանշեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները:
Երկու ձիերուն հեծեալը մեր ժողովուրդի միասնութեան գաղափարի արտայայտութիւնն է, մեր յաղթանակի, հերոսութեան, ուժի, յոյսի ու հաւատի, մեր ազգային- ազատագրական պայքարի խորհրդանիշը։
Կիսուած ժողովուրդի եւ կիսուած հայրենիքի իրական պատկերը խորհրդանշող այս զոյգ ձիերը մեր պատմական իղձերու ու երազներու հաւաքական տեսիլն է, անոր մշտաբորբոք անթեղուած կրակը: