Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին:
Մարտիրոս Սարեան- XX դարու խոշորագոյն նկարիչներէն է, նորագոյն շրջանի հայկական գեղանկարչութեան ազգային դպրոցի հիմնադիրը:
Արձանի նիւթը` մարմար, հեղինակ` Լևոն Թոքմաջեան, ճարտարապետ՝ Արթուր Թարխանեան։ Տեղադրուած է 1986 թուականին Մարտիրոս Սարեանի անուան պուրակին մէջ։