ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Իշխանութիւնը եւ իշխանատենչութիւնը մեծ ախորժակներ կը բանան, բայց անվերականգնելի աւերներ կը գործեն:
Յօդուած գրելու փոխարէն, թշնամիին մամուլէն քաղուած երեք խորագիր պիտի ներկայացնեմ ընթերցողիս.
Լէյլա Ապտուլայեւա՝ Ղարաբաղի կարգավիճակը պատմութեան աղբանոցը նետուեցաւ:
Էրտողան՝ վերջին հնգամեակին Թուրքիա 11 անգամ աւելցուած է սպառազինման յատկացումները:
Թուրան լրատուական գործակալութիւն՝ Պսակաւոր ժահրի համաճարակը աւարտելէ անմիջապէս ետք տասնեակ հազարաւոր հայեր պիտի լքեն Հայաստանը:
Ու՞ր մնաց մեր ազգային արժանապատուութիւնը:
Մինչեւ ե՞րբ հայրենաքանդ այս քաշքշուքը: Հայրենիքի փերեզակներ՝ իշխանութիւնը, կուսակցութիւնները անցեալ կրնան դառնալ, բայց հայրենիքը՝ երբեք:
Հերի’ք աւեր գործէք…զգաստացէ’ք եւ դու’րս կորսուեցէք ափ մը մոխիր մեր հայրենիքէն: