Եօթներու խմբակը որոշեց «անմիջական կերպով ռուսական քարիւղի սակին նշաձող հաստատել», ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց այդ քայլին մասնակից երկիրներու «լայն դաշինք» մը կազմելու:
«Եօթներու խմբակ»-ի տնտեսութեան նախարարները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Սակի նշաձողը պիտի ճշդուի հիմնուելով թեքնիք տուեալներու շարքի մը վրայ, եւ զայն պիտի որոշէ ամբողջ դաշինքը` նախքան զայն գործադրութեան դնելը»:
Նախքան այդ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա պիտի դադրի քարիւղ վաճառել այն երկիրներուն, որոնք ռուսական քարիւղի սակին նշաձող կը հաստատեն»:
«Ռուսական քարիւղի սակին նշաձող հաստատելը ուժանիւթի միջազգային շուկային մէջ մեծ լարուածութիւն պիտի յառաջացնէ», ընդգծեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Ռուսական քարիւղը, որ Եւրոպա պիտի չերթայ, պիտի երթայ դէպի այլընտրանքային երկիրներ, որոնք կ՛աշխատին շուկայի պայմաններուն համաձայն»: