ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Zaven Messerlian, Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections, 1934-2009, Beirut, Haigazian University Press, 2014, 540 pages.
Հատորին հեղինակը` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հայ նորագոյն շրջանի պատմութեան լիբանանահայ հանրածանօթ պատմաբան է: Անոր ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին մանաւանդ Հայ դատի հոլովոյթին, Հայոց ցեղասպանութեան, Համաշխարհային Բ. պատերազմին հայութեան մասնակցութեան, Հայ դատին առնչուող միջազգային դաշնագիրներու, Հայ դատի առնչութեամբ Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ իր հօր` Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային քաղաքական գործունէութեան եւ Ղարաբաղի տագնապին (1):
Դոկտ. Մսըրլեան 1963-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն ստացած է մագիստրոս արուեստից վկայականը` ներկայացնելով «Հայկական ներկայացուցչութիւնը լիբանանեան խորհրդարանին մէջ» նիւթը, որուն մէջ ի միջի այլոց 1934-1960 խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութեան գլուխը կար: Թեզը գրուած էր թելադրանքովը պատմութեան դասախօս, թեզին խորհրդատու, ականաւոր պատմաբան դոկտ. Նիքոլա Զիատէի:
Աւելի ետք, 2000-ի սկիզբը, ան վերամշակեց իր թեզը եւ շարունակելով ընտրութիւններու պատումը` զայն հասցուց մինչեւ մեր օրերը` 2009-ի վերջնագոյն ընտրութիւնները: Այս բոլորը ան մաս առ մաս հրատարակեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 2000-2011 տարիներու ԻԱ.-ԼԱ. հատորներուն մէջ:
Գրախօսուող գիրքը մէկտեղումն է այդ ուսումնասիրութիւններուն, որոնք գիրքի ձեւաչափով վերամշակուած` կը հրամցուին այս հատորով:
Լիբանանը սփիւռքի տարածքին միակ պետութիւնն է, ուր հայութիւնը, իբրեւ հայ քաղաքացի, ընտրելու եւ ընտրուելու սահմանադրական իրաւունքը ունի: Իրաւունքի այս գործընթացը սկիզբ կ՛առնէ 1923-ին` Լոզանի պայմանագիրով, որով Թուրքիոյ Հանրապետութենէն դուրս, նախկին օսմանեան տարածքներու մէջ ապրող օսմանահպատակներուն կը շնորհուէր իրենց նորահաստատ պետութեանց քաղաքացիութիւնը: Եւ քանի որ Լիբանանի պետական կառոյցը հիմնուած է համայնքային դրութեան վրայ, ապա Լիբանան հաստատուած նախկին օսմանահպատակ հայերը անհատաբար ձեռք կը բերէին լիբանանեան քաղաքացիութիւն, իսկ հաւաքաբար` համայնքային պետական իրաւունքներ: Այսու լիբանահայութիւնը կ՛ունենար իրաւունք` քուէարկելու եւ ընտրելու` քաղաքացիութեան ստացումին յաջորդող առաջին տասնամեակին, իսկ այնուհետեւ` նաեւ ընտրուելու: Եւ իրաւամբ, 1934-ին լիբանահայութիւնը կ՛ունենար երեսփոխանական մէկ աթոռի իրաւունք: Այդ իրաւունքը պիտի փոխուէր, ամէն անգամ որ խորհրդարանական աթոռաթիւերը փոխուէին: Այսպէս, 1943-ին երկու առաքելական ներկայացուցիչ` Պէյրութի ընտրատարածքէն, իսկ 1951-ին երկու առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ ներկայացուցիչ` Պէյրութի եւ մէկ առաքելական ներկայացուցիչ` Լեռնալիբանանի ընտրատարածքէն: 1953-ին Լիբանանի առաքելական ներկայացուցիչներուն թիւը կը նուազի երկուքի (երկուքն ալ` Պէյրութի մէջ), իսկ 1957-ի ընտրութեան կը վերականգնի 1951-ի դրոյթը: 1960-էն մինչեւ 1989 լիբանահայութիւնը կ՛ունենայ երեք առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ ներկայացուցիչ` Պէյրութէն եւ մէկ առաքելական ներկայացուցիչ` Լեռնալիբանանի ընտրատարածքէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աւարտը նշանաւորող Թաէֆի համաձայնագիրով վերոյիշեալ աթոռներուն վրայ աւելցաւ մէկ առաքելական աթոռ` Պեքաայի նահանգի Զահլէի ընտրատարածքին մէջ, մինչ աւետարանական աթոռին աւետարանական հայեր ալ կրնան թեկնածու ըլլալ (2): Ներկայիս լիբանահայութիւնը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացուի հինգ հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ երեսփոխաններով:
Բնականաբար համայնքներուն առնչութիւնը պետութեան` չի սահմանափակուիր լոկ երեսփոխանական կամ նախարարական մասնակցութեամբ: Լիբանանի պետականօրէն ճանչցուած համայնքները իրաւական բաղադրիչներն են այդ պետութեան: Ըստ այդմ ալ լիբանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը կարելի է դիտարկել նաեւ իբրեւ միւս համայնքներուն հետ` պետութեան մէջ իշխանութեան իրաւունքի փոխյարաբերութեան պահպանում:
Աննախընթաց այս հատորը բաժնուած է տասը գլուխներու, որոնցմէ երկուքը ունին երկուքական բաժին: Հատորը կ՛աւարտի ամփոփումով մը, աղբիւրացանկով եւ անուանացանկով:
Գիրքին առաջին երկու գլուխները ունին ներածական բնոյթ: Առաջինը կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան պատկերը` հայութեան զանգուածաբար Լիբանան հաստատուելէն (1921) մինչեւ այսօր` իր յարանուանութիւններով, կրօնական-եկեղեցական, հասարակական, ընկերային, մարզական, կուսակցական, կրթական, մշակութային եւ այլեւայլ կառոյցներով: Այս առումով, այս գլուխը ունի ճանաչողական նորագոյն արժէք: Երկրորդ գլուխը կը համառօտէ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները` 1934-2009 շրջանին:
Մնացեալ գլուխներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Լիբանանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր նախագահի պաշտօնավարութեան տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այսպէ՛ս կազմուած են նախագահներ Պշարա Խուրիի (1943-1952), Քամիլ Շամունի (1952-1958), Ֆուատ Շեհապի (1958-1964), Էլիաս Հրաուիի (1989-1998), Էմիլ Լահուտի (1998-2007) եւ Միշէլ Սլէյմանի (2008-2014) պաշտօնավարութեան շրջանին ընտրութիւններուն նուիրուած գլուխները: Բացառութիւն կը կազմեն ֆրանսական հոգատարութեան հանգրուանի (1934-1943) ու նախագահներ Շարլ Հելուի (1964-1970) եւ Սլէյման Ֆրենժիէի (1970-1976) պաշտօնավարութեան շրջանին ընտրութիւններուն վերաբերող երեք առանձին գլուխները:
Այս գլուխներուն մէջ Մսըրլեան պատմաբանի բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան ներքին պայքարները` խորհրդարանական ընտրութեանց առթիւ, եւ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները թէ՛ լիբանանահայ զանազան խաւերուն եւ թէ՛ լիբանանահայ մշակութային ու ազգային զանազան իրադարձութիւններու վրայ: Ի տարբերութիւն այլ ուսումնասիրողներու, որոնք կուսակցութիւն մը, կամ եկեղեցին առած են իրենց պատումին առանցքը, Մսըրլեան ունի քաղաքական ընթացքի աւելի չէզոք եւ հաստատութենական առանցք` ընտրութիւնները:
Իր խօսքին մէջ, գիրքին յառաջաբանը գրող, Հայկազեան համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի համադրող, դոկտ. Մաքսիմիլիըն Ֆելշ կը հաւաստէ անհրաժեշտութիւնը ձեռք անցընելու այս գիրքը` «բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքը… գիրքը յաջողապէս կը ներկայացնէ լիբանանահայ համայնքին մարտահրաւէրները` իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն…- եւ կ՛եզրափակէ,- հայ համայնքին համակեցութիւնը լիբանանեան ընկերութեան մէջ համարկումի յատուկ եւ յաջող մոտել մըն է բազմակրօն ընկերութեան եւ կրնայ դաս ըլլալ թերաճ պետութիւններու համար, որոնք կը ճգնին իրենց փոքրամասնութիւններ ընկերային կառոյցին մաս դարձնել» (3):
Առաջին անգամն է, որ լիբանանահայութեան վերաբերող որեւէ նիւթ կ՛ենթարկուի մանրակրկիտ, ամբողջական, գիտական ուսումնասիրութեան` իր սկզբնաւորումէն մինչեւ մեր օրերը: Այս առումով, պատմական այս պատումը բացառիկ իրագործում մըն է, որ կը հարստացնէ լիբանահայութեան մասին կատարուած գիտական ուսումնասիրութիւններու փոքր խումբը: Իրաւ ալ, Մսըրլեան յաջողած է լիբանանահայութեան մասին առկայ հսկայ, սակայն չմշակուած նիւթերու պաշարէն առանձնացնել զինք հետաքրքրող նիւթերու մեծագոյն մասը եւ համադրելով զանոնք` փորձառու պատմաբանի ճարտարութեամբ ներկայացնել Լիբանանի խորհրդարանին հայկական մասնակցութեան կուռ կառոյցը եւ տալ անոր համահաւաք պատկերը:
Հեղինակին հայրը` Մկրտիչ Մսըրլեան, անձամբ մասնակցած է ընտրութեանց: Թերեւս այս մէկը մղած է հեղինակը` 1960-1963 տարիներուն լծուելու նման երախտաշատ ուսումնասիրութեան մը, ընդունելով խորհրդատու դասախօս փրոֆ. Զիատէի առաջարկը: Պէտք է ըսել սակայն, որ հեղինակին անձնական մղումը չէ վերափոխուած ենթակայական մօտեցումի` հարցերու, երեւոյթներու թէ իրադարձութիւններու իր վերլուծութեան եւ ընդհանրապէս իր պատումին ընթացքին:
Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան համար «մաղած» է լիբանանահայ մամուլը, ներառած` տեղական արաբատառ, անգլիատառ ու ֆրանսատառ մամուլին մէջ ընտրութեանց հայկական առնչութեան վերաբերող նիւթեր, օգտագործած` առկայ ոչ հայատառ գրականութիւնը, ունեցած` նամակագրութիւն, կատարած հարցազրոյցներ` խորհրդարանական հայ թեկնածուներու, ընտրուածներու եւ այլապէս ալ առնչուածներու հետ: Այս բոլորը նոր ծալքեր բացած են եւ յաւելեալ խորութիւն տուած ուսումնասիրութեան: Միւս կողմէ, Մսըրլեան իր ուսումնասիրութեան մէջ լայնօրէն ներկայացուցած է լիբանանահայ ենթահողը եւ համեմատօրէն նուազ չափով` լիբանանեան ենթախորքը, որ թերեւս կարելի էր աւելի եւս խորացնել:
Իբրեւ պատմաբան, ակնկալելի էր եւ հասկնալի, թէ ինչո՛ւ հեղինակը նիւթին մօտեցած է պատմաբանի քան թէ քաղաքագէտի մեկնակէտով, եւ ըստ այդմ ուսումնասիրութիւնը ունի աւելի պատմական, քան թէ քաղաքական ձեւաչափ:
Հատորը ուսումնասիրութեան առատ նիւթ կը հայթայթէ բոլոր անոնց, որոնք կը պեղեն փոքրամասնութեանց քաղաքական գործունէութիւնը: Ան խորունկ թափանցումի միջոց է նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեանց օրակարգերուն, միջկուսակցական պայքարի երեսակներու բացայայտման, ուր առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ իշխանութեան պայքարը:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Քաղաքական Գիտութիւններու Դոկտոր,
Տնօրէն Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի
(1).- Դոկտ. Մսըրլեանի հրատարակած նախորդ հատորներն են. «Հայկական հարցին մասին» (Կարս-Արտահանի «Հարցը» թուրք-սովետ յարաբերութեանց լոյսին տակ» (1939-1977), «Ներքին հողերու հարցը», «Թուրքիոյ քիւրտերը եւ Հայկական հարցը»), Պէյրութ 1978, «Երեք դաշնագրեր» (Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները, 1920-1921թթ.), Պէյրութ, 1979, «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգ.-քաղաքական գործունէութիւն»-ը, Պէյրութ, 1981, «The Premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians», Antelias, 2001, «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական հարցը» (1900-2009), Պէյրութ, 2010, «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք», Անթիլիաս, 2011:
(2).- Լիբանանի Հանրապետութիւնը չի ճանչնար Լիբանանի Հայ աւետարանականները իբրեւ առանձին համայնք, այլ զանոնք կը նկատէ Լիբանանի փրոթեսթանթ համայնքի մաս. ասոնց յատկացուած է խորհրդարանական մէկ աթոռ: 1972-էն մինչեւ 2000 հայ աւետարանական երեսփոխաններ կը ներկայացնէին փրոթեսթանթ համայնքը:
(3).- Maximilian Felsch, «Foreword», Zaven Messerlian, Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections, 1934-2009, Beirut, Haigazian University Press, 2014, էջ xii-xiii.