Լեւոն Շառոյեան
Մեր երեսին տրուած ապտակը շա՛տ ծանր էր: Ճակատագրակա՛ն: Դաւադրակա՛ն: Ապերա՜խտ…:
Օրհասական, բախտորոշ ու քաոսային այս օրերուն, պիտի ակնկալէինք որ մեր մտաւորականները (Հայաստանէն եւ սփիւռքէն) հանդէս գային գօտեպնդիչ խօսքերով, շուարուն ու հիասթափուած զանգուածները սթափեցնէին, ուղղութիւն տային անոնց, իրենց ԽՈՀՈՒՆ պատգամներով հակակշռէին հրապարակի աղմուկը…:
Մեր սիրելի ուսուցիչը՝ Յակոբ Չոլաքեան (Երեւանէն), օրերէ իվեր կը կատարէ այդ շնորհակալ ճիգը: Ահա՛ իր վերջին գրառումը, որ զգաստութեան սրտառուչ կոչ մըն է.-
ՁԱՅՆԵՐՆԻԴ ԱՆՍՊԱՌ…
Ես մեր պարտութեան համար ամօթ եւ յուսալքութիւն չեմ ապրիր: Մեզի պարտադրուած պատերազմին մէջ մեր ոսոխն էր ամբողջ աշխարհը, Նաթօն էր, Սիոնիզմը, միջազգային ահաբեկչութիւնը: Պարտութիւններ կան, որ յաղթանակէ աւելի կ՛արժեն, ճիշդ ատոր համար ալ ես կը շարունակեմ ըսել.
Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ,
Օդի, ջուրի, հացի նման,
Մենք պէտք ունինք հպարտութեան (ՎԹ):
Այսպիսի հարուածէ մը ետք ոտքի ելլելը ինքնին յաղթանակ է: Ալեքսանդր Խատիսեան , երբ պարտաւորուած էր ստորագրելու Քազիմ Քարապեքիրի ներկայացուցած պայմանագիրը, մեզի մնացած Երեւանի նահանգը փրկելու համար՝ ըսեր է. ՛՛Մենք պարտուած ենք՛՛: Եւ …
Բայց ես սարսափելի ամօթ կը զգամ մեր վերջին հարիւրամեակին մէջ բազմաթիւ անգամներ կրկնուող այս երեւոյթէն, որով մենք հիմա եւս թուլամօրէն կը հեռանանք մեր երկրէն՝ ափ մը հող դրած մեր գրպանը, խաչքար մը գրկած, մասունք մը գողցած, մեր սեփական տունը հրկիզելով, մեր տնկած ծառը ջարդելով, չեմ գիտեր ինչ… Այս ինչ ողորմելի ժողովուրդ դարձանք… Մնալով, նստելով, յամառութեամբ դիմադրելով, հազարներով, 20 հազարով, 50 հազարով աշխարհի աչքին առջեւ, հրասայլերու շղթաներուն առջեւ փռուելով, պատ շինելով ցոյց տայինք, որ մենք երկիր պահել գիտենք…
Այդպէս հայրենիք պիտի պահէինք…
Հիմա ինչ…Նորէ՞ն օտար երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ պիտի պոռանք ՛՛մեր հողերը, մեր հողերը…՛՛
Ձայներնիդ անսպառ…