ՄԱԿԱՐ
Թոշակառուները արձակուրդի կը մեկնին, երբ յուլիսականները եւ օգոստոսականները վերադարձած կ’ըլլան: Սեպտեմբերին գացինք Հայաստան, աւելի ճիշդ` Երեւան, զբօսաշրջիկներու պէս:
Կեդրոնականցին յաճախ կը յիշէ մեծ գրող մը, որ գրած էր մարգարէական խօսք մը, թէ` «մի քաղաքով ինչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Այսօր` միաքաղաք Հայաստանի Երեւանը:
Հայրենասէր զբօսաշրջիկներն ալ «երեւանասէր» են: Գորիս, Սիսիան, Տաթեւ, Հաղարծին լուսանկարի համար են: «Հայրենաբնակներ» գիտեն Երեւանը:
Արմենակի եւ Էլպիսի իջեւանած հիւրանոցի առջեւի մայթին վրայ կանաչի մէջ շրջանակուած սրճարան մը կար: Յետմիջօրէ էր, նստած` կը զրուցէինք: Սուրճով եւ հայրենի սառնորակ «Ջերմուկ»-ով դեռ յամեցող ամրան տօթին դէմ կը պայքարէինք:
Հոս սրճարանները գողտրիկ են, Ֆրանսայի Կապուտակ ծովեզերքին (Côte d’Azur) կը նմանին: Արմենակ լուացարան գնաց եւ վերադարձաւ դժգոհ: Կեդրոնականցին կը տրտնջայ, թէեւ իր տրտունջները միշտ ալ արդար են.
– Սիրելի՛ս, հոս ալ լուացարանները օժտած են ձեռք չորցնող ելեկտրական տաք հով արտադրող սարքով: Արդիականութիւն: Այդ հովը, հոս եւ այլուր, ո՞ր օդը կը փչէ: Փակ շրջանակի մէջ կան լուացարաններ, ուր մարդիկ իրարու կը յաջորդեն, օդին մէջ կը ձգեն մանրէներ, անոնցմով յագեցած օդը, ուժգին հով դարձած, մեր ձեռքերը կը հարուածէ զանոնք չորցնելու համար:
– Բնապահպանութիւն է, թուղթէ թաշկինակի խնայողութիւն,- յուշեցի:
– Բայց ո՞ւր կը մնայ տեւաբար յիշեցուող առողջապահութիւնը: Այդ սարքը մանրէ կը փոխադրէ մեր ձեռքերուն վրայ:
Այս գերարդիական մաքրասիրութեան զրոյցը կրնար երկար տեւել, եթէ մեր կողքի սեղանին վրայ չյայտնուէին խումբ մը կիներ: Քչախօս Էլպիս մրմրթալով ըսաւ.
– Ինչե՜ր կ’ըսես, Արմենա՛կ: Նայէ՛ քովդ եղողներուն, նոյն ուռած շրթներով եւ կուրծքերով, նոյն քիթերով եւ նոյն խարտեաշ մազերով: Ի՜նչ բնապահպանութիւն: Առողջապահութեան մասի՞ն կը խօսիս: Յիշած գրողդ ըսած էր, որ` «խանգարուած է աշխարհի կարգը»: Այդ «ռըթուշ» եղած կիներով ինչպիսի՞ սերունդ պիտի գայ: Խանգարուած է բնութեան կարգը, կեանքով եկած տարբերութիւնը չ’ընդունուիր, եւ մարդիկ կ’ընտրեն ըլլալ այր կամ կին:
Քաղաքակրթական տագնապով չթթուեցնելու համար թոշակառուներու երեկոն` Մակարուհին Պուտտայի պէս ըսաւ.
– Կուշտ ձանձրացողներու քաղաքակրթութիւնն է ասիկա: Չարաչար գործածուած բնութիւնը իր վրէժը սկսած է լուծել: Աւերուած, հակաբնական դարձած քաղաքակրթութիւնը յատակը տեսնելէ ետք պիտի վերականգնի:
– Եթէ վերականգնի,- յուսահատի շեշտով եզրակացուց Արմենակ:
4 սեպտեմբեր 2016, ք. Երեւան