ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահ Եուրի Ռատասի Շուշի կատարած այցելութիւնը շատ մտահոգիչ է, ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան` ընդունելով Հայաստանի մօտ Էսթոնիոյ դեսպան Ռինա Քալիւրանտը:
Սիմոնեան շեշտեց, թէ հայաթափ եղած Շուշիի մէջ Ռատասի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ո՛չ միայն չեն արտացոլացներ Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու շունչը, այլ նաեւ կը հակասեն Էսթոնիոյ պաշտօնական աջակցութեան՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Արցախի տագնապի խաղաղ կարգաւորման:
Ան տեղեկացուց դեսպանին, որ այդ առնչութեամբ նամակ յղած է Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահին՝ բացատրելով հակամարտութեան էութիւնը եւ 2020ի աղէտալի պատերազմին արդիւնքները: Սիմոնեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ էսթոնացի պաշտօնակիցը յառաջիկային կ՛այցելի Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ կը ծանօթանայ իրավիճակին, նաեւ հանդիպում կ՛ունենայ Արցախը ներկայացնող պաշտօնեաներուն հետ:
Քալիւրանտ յայտնեց, որ յառաջիկային կարելիութիւն կ՛ընձեռուի Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկելու յառաջացած բոլոր հարցերը: Ան Սիմոնեանին փոխանցեց Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահին պաշտօնական հրաւէրը, որուն իբրեւ պատասխան`Սիմոնեան կրկնեց էսթոնացի պաշտօնակիցը՝ Հայաստանի մէջ տեսնելու ցանկութիւնը եւ սիրով ընդունեց փոխադարձ հրաւէրը:
Յայտնենք, որ Եուրի Ռատաս Շուշի այցելեց այս տարուան 24 Մայիսին: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ անոր ներկայացուեցան «քաղաքի պաատմութիւնը եւ Շուշիի մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքները»: