Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մեթին Քիւլիւնք աջակցած ու ֆինանսաւորած է Գերմանիոյ հետախուզական մարմիններուն ուշադրութիւնը գրաւած «Օսմանցի գերմանացիներ» խմբաւորումը եւ անոր վճարած նաեւ Պունտըսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող օրինագիծի որդեգրումէն ետք Գերմանիոյ մէջ հակահայ ցոյցերու կազմակերպման համար:
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ թուրք քաղաքական գործիչին եւ Գերմանիոյ մէջ գործող թրքական յանցաւոր խմբաւորման կապը բացայայտուած է գերմանական ոստիկանութեան կողմէ խմբաւորման շարք մը անդամներուն հեռաձայնային զրոյցները լսելէ ետք:
Բացի 2 յունիս 2016-ին Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի որդեգրման դէմ կազմակերպուած ցոյցէն, Քիւլիւնքի տրամադրած դրամական միջոցներով «Օսմանցի գերմանացիները» ձեռք բերած են «Սքորփիոն» տեսակի զէնք` նոյն թուականի մայիսին, ինչպէս նաեւ նոյն անձին ուղղորդումով զբաղած են Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող ընդդիմախօսներու հետապնդումներով:
Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութենէն թուրք երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելեն` մեկնաբանելով տարածուած լուրը, շեշտած է, թէ էրտողանամէտ այս յանցագործ խումբը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ ժողովրդավարութեան համար` իր ազգայնական ու իսլամական գաղափարախօսութեամբ, եւ երկրին մէջ ատոր գործունէութիւնը պէտք է արգիլուի:
Տաղտելեն նաեւ շեշտած է, որ Գերմանիոյ մէջ կը գործեն բաւական լուրջ քանակով «էրտողանամէտ» օղակներ, որոնց նպատակը այդտեղ բնակող թուրք ընդդիմադիրներու «աչքը վախցնելն» է: