ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխհամանախագահ, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է վերջին օրերուն Թուրքիոյ նախագահին կողմէ սաստկացած հակաիսրայէլեան յայտարարութիւններուն:
Կարօ Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է. «Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը նկարահանման գործիքներու առջեւ Իսրայէլը ահաբեկիչ կ՛անուանէ, սակայն կը շարունակէ անոր հետ առեւտուր ընել»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահը խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Իսրայէլը, Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացման դէմ բողոքող պաղեստինցիներու սպանդին համար: