Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան հայ ժողովուրդին «ցաւակցութիւն» յայտնելէ օր մը ետք, ամերիկեան Փի.Պի.Էս. հեռատեսիլի կայանի հաղորդավարին հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին հերքեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ցինիզմով աւելցնելով, թէ Ցեղասպանութիւն կատարուելու պարագային հայեր պիտի չմնային Թուրքիոյ եւ արեւմտահայաստանի մէջ: Առանց հետեւութիւններ քաղելու վարչապետին արտայայտութիւններէն, կը փափաքինք անոր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել կարգ մը իրողութիւններ: Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաջորդող ժամանակաշրջանին, միջազգային դիւանագիտական- քաղաքական բառարանին մէջ տակաւին գոյութիւն չունէր թրքական բարբարոսութիւնները նկարագրող ցեղասպանութիւն եզրը: Դաշնակից պետութիւնները, Թուրքիոյ մօտ իրենց դեսպաններուն միջոցով քաղած տեղեկութիւններէն, ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ յենելով, մօտաւոր պատկերացում մը սկսած էին ունենալ արտասովոր եղելութիւններու մանրամասնութիւններուն շուրջ, որոնք յետագային՝ շնորհիւ Արմին Թէոֆիլ Վեկնէրի եւ Ռաֆայէլ Լեմքինի հետապնդումներուն, նախատիպ ծառայեցին՝ նկարագրելու հրեաներու ողջակիզումը: Դաշնակիցները խոստացան պատերազմը աւարտելէ անմիջապէս ետք դատական հետապնդումի ենթարկել հրէշային ոճիրներուն յանցագործները:
Հայ մամուլը շատ հազուադէպ կ’անդրադառնայ յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին, մինչեւ Մուսթաֆա Քեմալի յեղաշրջումը, հայկական կոտորածներուն վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններու քայլերուն: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Թուրքիոյ մէջ Ահմէտ Իզէթ Փաշայի գլխաւորած կառավարութիւնը դատական պատասխանատուութեան ենթարկեց Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան եւ Երիտթուրք կառավարութեան ղեկավարները՝ հայերու դէմ զանգուածային կոտորածներ կազմակերպելու պատճառով: Շատ հաւանաբար, Իզէթ Փաշայի նախաձեռնութիւնը, պատերազմէն պարտուած Թուրքիոյ կողմէ Դաշնակիցներուն առջեւ «փոշի ցանելու» արարք մը ըլլար: Չենք առարկեր: Մեր մատնանշումը կը վերաբերի թէկուզ ձեւական՝ դատավարութիւններու ընթացքին բացայայտուած փաստերուն, ապացոյցներուն եւ վկայութիւններուն, որոնց մասին թրքական մամուլը տեղ տուած է օրին:
Իզէթ Փաշայի հրահանգով, անմիջապէս կազմուեցան հարցաքննիչ յանձնախումբեր: Անոնց գլխաւոր պարտականութիւնը եղաւ հաւաքագրել հայոց դէմ կոտորածներուն վերաբերող ապացոյցներ՝ հրամանագիրներ, գաղտնի փաստաթուղթեր, հեռագիրներ, ականատեսի վկայութիւններ: Փակագիծ մը բանալով հարց կու տանք՝ ու՞ր կը գտնուին արդեօք վերոյիշեալ հետաքննութիւններուն արխիւները, երբ վարչապետ Էրտողան եւ անոր հետեւորդներ, թրքական արխիւները ուսումնասիրելու կը հրաւիրեն պատմագէտները:
Օսմանեան կայսրութեան տակ ինկող նահանգները բաժնուեցան տասը դատաքննական շրջաններու: Իւրաքանչիւրը ունեցաւ իր դատախազը, հարցաքննիչ դատաւորը: Իշխանութիւնները ձերբակալեցին Երիտթրքական ժամանակաշրջանի ծանօթ նախարարներ, կուսակցական դէմքեր: Ապացոյցներու գոյութեան տակ ձերբակալուեցան յանցագործները: Հարցաքննութիւնները աւարտելէ ետք, խոսսովանութիւններուն լոյսին տակ, Իսթանպուլի մէջ կազմուեցան երեք ռազմական արտակարգ ատեաններ: Անոնք աւելի հանգամանօրէն քննարկեցին ապացոյցները, հայոց դէմ կոտորածները իրականացնողներուն յանցագործութիւնները: Քանի մը ամիս ետք, ռազմական արտակարգ ատեանները իրենց հետաքննութիւնները փոխանցեցին սուլթան Մեհմէտ 6-րդ Ուահիտէտտինի յատուկ հրամանագիրով ստեղծուած արտակարգ ատեանին: Բացի վարչապետ Էրտողանէն՝ դէպքերու զարգացումներուն հետեւող ընթերցողը, ինքնաբերաբար պիտի կռահէ ծանրակշիռ ապացոյցներու գոյութիւնը:
Վերոյիշեալ ապացոյցներուն լոյսին տակ, Ապրիլ 1919-ին սկսաւ Երիտթուրք ղեկավարութեան պարագլուխներուն եւ ղեկավարներուն դատավարութիւնը: Տասներեք նիստերու վրայ երկարող դատավարութիւնը աւարտեցաւ Յունիսի վերջաւորութեան: Ատեանը մեղադրեց երեսունմէկ Երիտթուրք ղեկավար (Տասնմէկը՝ արդէն փախուստ տուած էին Թուրքիայէն) եւ հարիւրի հասնող բարձրաստիճան գործիչներ…: Վճիռը արձակուեցաւ Յուլիս ամսուան առաջին օրերուն: Երեսունմէկ յանցագործներէն չորսը՝ Ներքին գործոց նախարար Թալեաթ, ռազմական նախարար Էնվեր, Ծովային նախարար Ճեմալ Փաշա եւ հանրակրթութեան նախարար դոկտ. Նազըմ մահուան դատապարտուեցաւն: Մնացեալ քսան եւ եօթը յանցագործները դատապարտուեցան տարբեր տարիներու բանտարկութեան: Այստեղ, անհնար է մոռնալ Անգլիոյ տխուր դերակատարութիւնը, երբ դատավարութեան ամենաթէժ օրերուն, Թուրքիոյ բանտերուն մէջ արգելափակուած ութսունի մօտ ամբաստանեալներ անգլիական կառավարութեան հրահանգով փոխադրեց Մալթա: Յետագային անոնք ազատ արձակուեցան: Ոմանք վերադարձան Թուրքիա եւ բարձր պաշտօններ ստանձնեցին Մուսթաֆա Քեմալի վարչամեքենայէն ներս:
Այս դատավարութիւններուն զուգահեռ, տեղի ունեցան Երիտթուրքերու շրջանային ղեկավարներու դատավարութիւնները: Անոնցմէ մէկ քանին դատապարտուեցան տաս տարուան բանտարկութեան: Հարց կու տանք Ցեղասպանութեան փաստը հերքող Թուրքիոյ վարչապետին՝ ին՞չ հիմքերու վրայ տեղի ունեցան Երիտթուրք ղեկավարներու դատավարութիւնները…:
Տակաւին աւելին. Սեւրի դաշնագիրին մէջ յատուկ պարբերութիւն մը գոյութիւն ունի զանգուածային բռնութիւններ կազմակերպող թուրք յանցագործներուն մասին: Թրքական իշխանութիւնները օրին ընդունեցին Դաշնակից պետութիւններու իրաւունքը՝ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու ոչ միայն պատերազմի օրէնքները խախտելու մէջ մեղադրուող անձիք,այլեւ յանձն առին Դաշնակից պետութիւններուն յանձնելու պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ջարդերու պատասխանատուութեամբ ամբաստանուող անձիք..: Սոյն տեղեկութիւնները հրատարակուեցան 1919-1920 թրքական պաշտօնական «Թաքուիմ-ը Վեքայի» թերթին մէջ: Բոլոր արձանագրութիւնները կը կրեն «Թուրքիոյ սուլթանին (Նորին Վսեմութեան) կայսերական հրամանագիրով կազմուած ռազմական արտակարգ ատեանի դատավարութեան արձանագութիւնները» խորագիրը: Այս դատավարութիւնները, եզակի եւ անհերքելի փաստեր են, ուր կը մերկանայ հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետը անտեղեակ կը ձեւանայ պատմական այս իրականութիւններուն: Բայց աւելի մտահոգիչը Ցեղասպանութիւնը հերքելու միջոցին, ինքնարդարացումի սին փորձն է՝ Ցեղասպանութեան պարագային հայ պիտի չմնար Թուրքիոյ մէջ….: Այստեղ, իր տարերքին մէջ էր Հուլաղու խաներու, սելճուք-թաթարներու արիւնարբու ժառանգորդ վարչապետը: Անոր տրամաբանութեամբ, ամբողջական ֆիզիքական հաշուեյարդար մը միայն կրնար ցեղասպանութեան համազօր տարողութիւն ունենալ: Քանի մը միլիոնի կոտորածը, տեղահանութիւնը այնքան ալ ծանրակաշիռ երեւոյթ մը պիտի չըլլար Էրտողանի համար: Փաստերը այնքան խօսուն են եւ բազմաբնոյթ:
Բայց միւս կողմէ, մենք ինչպէ՞ս կը հետապնդենք պահանջատիրական մեր պայքարը: Չար ձայն մը ներքուստ կ’ըսէ, թէ ծաղիկ զետեղելու արարողութեան պիտի վերածուի Հարիւրամեակը…: Կ’ուզեմ չհաւատալ եւ չարաչար սխալիլ…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ