Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկրին մէջ իր բռնապետական իշխանութեան դէմ բողոքի զանգուածային ալիքը դաժանօրէն ճնշելէն ետք, այժմ կանգնած է այլ լուրջ խնդիրի մը դէմ յանդիման` արաբներն ու հրեաները միաւորելու իր չակնկալուած “յաջողութիւնը”, որ իրեն դէմ դարձաւ։
Թուրքիոյ վարչապետը արդէն հակադրուած էր Իսրայէլին եւ Սուրիոյ` իր թշնամական գործողութիւններով ու յայտարարութիւններով: Վերջին օրերուն ան կրցաւ նաեւ վիրաւորել միլիոնաւոր եգիպտացիներ` մերժելով անոնց նոր կառավարութիւնը` զինուորականներու կողմէ նախագահ Մուրսիին հեռացնելէն ետք: Հակառակ Էրտողանի ձեւական առարկութեան՝ Եգիպտոսի “ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած նախագահի” տապալման, ակնյայտ է, որ ան յատկապէս մտահոգուած է իր սեփական կաշին փրկելով` վախնալով պատմականօրէն յեղաշրջման հակում ունեցող թրքական զինուած ուժերուն կողմէ նման գրաւման:
Նախորդ շաբաթ Հալէպի համալսարանը Էրտողանը զրկեց միջազգային յարաբերութիւններու պատուաւոր տոքթորի կոչումէն, որ անոր շնորհուած էր 2009 թուականին, երբ Սուրիան ու Թուրքիան կը վայելէին կարճատեւ սիրոյ բերկրանքը: Համալսարանի նախագահ Խոտր Օրֆալին Էրտողանը մեղադրեց “Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ դաւադրութիւններ” հրահրելու եւ Թուրքիոյ մէջ ցուցարարներու դէմ “բռնապետական” ուժ կիրարկելու յանցանքով:
Արաբական մրցանակը կորսնցնելէ ետք, Թուրքիոյ վարչապետը կրնայ յառաջիկային զրկուիլ նաեւ “Խիզախութեան դիմագիծ” մրցանակէն, որ անոր շնորհուած է Ամերիկայի Հրէական քոնկրեսին կողմէ, 2004 թուականին, “Մշակոյթներու միջեւ խաղաղութեան խթանման” համար: Անցեալ ամիս հրէական “Քոմենթարի” ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածով Մայքլ Ռուպինը կոչ ուղղեց Հրէական քոնկրեսին չեղեալ համարելու անոր շնորհած մրցանակը` Էրտողանը նկարագրելով իբրեւ “Համասի յառաջատար երկրպագու, ահաբեկչութեան հովանաւոր եւ շրջանը ապակայունացնող ուժ”: Այնուհետեւ Ռուպինը պնդեց, որ “էրտողանը Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնավարութեան ընթացքին արդէն ունէր կատաղի հակասեմականութեան եւ դաւադրական տեսութիւններով հարուստ անցեալ”:
Ռուպինը նաեւ քննադատեց նախագահ Օպաման` “էրտողանը գովաբանելու”-ն համար եւ Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի 135 անդամները` “Թուրքիոյ վատթարագոյն խախտումները արդարացնելու” համար, ներառեալ` “կամայական ձերբակալութիւններ, ոստիկանական բռնութիւններ, արցունքաբեր կազի արձակում պանդոկներու եւ հիւպատոսութիւններու վրայ, ազատ մամուլի վրայ յարձակում, հակասեմական մերկացուցիչ ճառերու արտասանութիւն եւ բժշկական անձնակազմի ձերբակալութեան պատուիրում”: Ռուպինը կասկածի տակ առաւ նման բան ընելու Ներկայացուցիչներու պալատի այդ անդամներուն շարժառիթներն ու հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք “իբրեւ հատուցում կը վայելե՞ն թրքական իշխանութիւններու հիւրասիրութիւնները Պոլիս կամ Անգարա կատարած իրենց այցելութիւններուն ընթացքին” ` Թուրքիոյ աջակցութեան խումբին անդամութեան համար: Ան կոչ ուղղեց Քոնկրեսի անդամներուն` “կասեցնելու, եթէ ոչ նոյնիսկ հրաժարիլու իրենց անդամակցութենէն”:
Ռուպինը լրջօրէն խորհուրդ տուաւ Ամերիկայի Հրէական քոնկրեսին եւ հրէական այլ կազմակերպութիւններու “պարգեւներ տրամադրելու իբրեւ հիմք նկատի ունենալու ամբողջ կեանքի ընթացքին կատարուած ձեռքբերումները, եւ` բարեբաղձիկ մտածումները իբրեւ իրականանութիւն ներկայացնելու: Այլապէս, Հրէական քոնկրեսի առաքելութեան հակասող դիրքորոշումներուն օրինականութիւն շնորհելու վտանգը շատ մեծ է: Ամերիկայի Հրէական քոնկրեսին կողմէ Էրտողանի շնորհուած մրցանակը ոչ միայն չկանգնեցուց անոր հակասեմականութիւնը, այլ աւելի շատ ծառայեց զայն երկար ժամանակով քողարկելուն: Թերեւս կազմակերպութիւնը կրնայ մեղմացնել իր հասցուցած վնասը, ինչպէս նաեւ չէզոքացնել Էրտողանի խեղկատակութիւնը` զայն հրապարակայնօրէն զրկելով իր մրցանակէն”:
Ցաւօք, Ռուպինը ինը տարի ուշացումով կը քննադատէ Ամերիկայի Հրէական քոնկրեսին կողմէ Էրտողանի մեծարումը: Դեռ 2004 թուականին, պարգեւատրման արարողութեան օրերուն ես քննադատական յօդուած գրեցի Ամերիկայի Հրէական քոնկրեսին եւ անոր նախագահ Ճեք Ռոսենի հասցէին, որ անհեթեթօրէն յայտարարած էր, թէ իր կազմակերպութիւնը կը մեծարէ Էրտողանը իբրեւ “օրինակելի մահմետական երկրի” ղեկավար:
Այժմ, երբ ամբողջ աշխարհը “օրինակելի մահմետական երկրի” ղեկավարին դէմքին ետին տեսաւ Էրտողանին իսկական դէմքը, բազմաթիւ ուրիշները եւս պէտք է վերանային իրենց մրցանակները, որոնք առատօրէն պարգեւուած են այս անարժան ղեկավարին:
Օրինակ` հրէական “Ընդդէմ զրպարտութիւններու լիկա”-ն (ADL) պէտք է չեղեալ համարէ իր հեղինակաւոր “Հոգատար արիութեան մրցանակը”, զոր շնորհած է Էրտողանին, 2005 թուականին: Այդ “երջանիկ” առիթով Թուրքիոյ վարչապետը “Ընդդէմ զրպարտութիւններու լիկա”-ի ազգային տնօրէն Աբրահամ Ֆոքսմանին անդրադարձնել տուաւ “Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ սերտ յարաբերութիւններուն” եւ խոստացաւ “զերօ հանդուրժողականութիւն” ցուցաբերել “հակասեմական ելոյթներու” նկատմամբ:
Ահա Էրտողանին շնորհուած քանի մը այլ պարգեւները, որոնք պէտք է ետ վերցուին.
Պետական մետալներ.
– Ռուսական պետական մետալ` նախագահ Վլատիմիր Փութինէն (1 Յունիս 2006)
– “Բիւրեղեայ Հերմէս” մրցանակ` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն (15 Ապրիլ 2007)
– “Նիշան է Փաքիստան”` Փաքիստանի բարձրագոյն մրցանակը (26 Հոկտեմբեր 2009)
– Ֆէյսալ թագաւորի միջազգային մրցանակ` “Իսլամին ծառայելու համար” (12 Յունուար 2010)
– Վրաստանի “Ոսկէ գեղմ” շքանշան (17 Մայիս 2010)
– Լիպիոյ նախագահ Մուամմար Քազզաֆիի միջազգային մրցանակը` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար (29 Նոյեմբեր 2010)
– Քուէյթի “Կարկառուն դէմք իսլամակամ աշխարհի մէջ” մրցանակ (11 Յունուար 2011)
Պատուաւոր տոքթորի կոչում.
– Նիւ Եորքի Ս. Ճոնս համալսարան (26 Յունուար 2004)
– Մատրիտի եւրոպական համալսարան (18 Մայիս 2010)
– Մոսկուայի պետական համալսարան (16 Մարտ 2011)
– Շանհայի միջազգային ուսումնասիրութիւններու համալսարան (11 Ապրիլ 2012)
– Ալժերիոյ համալսարան (5 Յուլիս 2013)
Պատուաւոր քաղաքացի.
– Հարաւային Քորէա (Փետրուար 2004)
– Իրան (Փետրուար 2009)
– Քոսովօ (Նոյեմբեր 2010)
Բոլոր անոնք, որոնք պարգեւատրած են Էրտողանը, ուղղակի անպատուած են իրենք զիրենք: Որքան շուտ անոնք չեղեալ համարեն իրենց պարգեւները, այնքան շուտ պիտի ազատին իրենց նախկին ապաշնորհ արարքէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը