Նախկին բնորդ, դերասանուհի Էնտի Մաքտոըլ վերջերս դարձաւ 55 տարեկան: Հակառակ յառաջացած տարիքին, առինքնող արտաքինով դերասանուհին վերջերս աւարտեց հեռատեսիլային «Սիտըր Գով» հաղորդաշարին նկարահանումները, ուր ստանձնած է փաստաբանուհիի մը դերը: Մաքտոըլ ֆիլմարուեստի սիրահարներուն ծանօթ է «Կրին Գարթ» եւ «Ֆոր Ուետինկզ Էնտ է Ֆիւնըրըլ» ժապաւէններուն մէջ փայլուն խաղարկութեամբ:
ԹՐԱՎՈԼԹԱ – ՔԸՐՍԹԻ ԷԼԻ ԿԸ ՎԵՐԱՄԻԱՆԱՆ
Հանրածանօթ « Լուք Հուզ Թոքինկ» կատակերգութիւններու շարքին նկարահանումներուն ընթացքին ծանօթանալէ քսան տարի ետք, Ճոն Թրավոլթա եւ Քըրսթի Էլի կը վերամիանան հեռատեսիլային հաղորդաշարի մը մէջ: Հաղորդաշարը կատակերգութիւն մըն է եւ պիտի կոչուի « Քըրսթիզ Նիու Շօ»: 62- ամեայ Քըրսթի միաժամանակ պիտի ստանձնէ գլխաւոր դերասանի դերը եւ հաղորդաշարին արտադրութեան պատասխանատուութիւնը: «Լուք Հուզ Թոքինկ» ժապաւէններուն ընթացքին մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ երկու աստղերուն միչեւ, սակայն Թրավոլթա 1991-ին ամուսնացաւ Քելի Փրեսթընի հետ: Ամոլը ունեցաւ երեք զաւակ, ներառեալ Ճէթը որ մահացաւ 2009-ին:
Վերջերս, Քըրսթի յայտարարեց, թէ Թրավոլթա կը մնայ ամենասիրելի անձը:
ԻՍԹՎՈՒՏ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ՆՈՐ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ
Աշխարհահռչակ դերասան, բեմադրիչ Գլինթ Իսթվուտ, արկածախնդրական երաժշտախառն նոր ժապաւէնով մը կը վերադառնայ իր սիրահարներուն: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ «Ճըրզի Պոյզ» երաժշտական խումբին կազմաւորումը: Ժապաւէնին գլխաւոր դերը կը կատարէ Քրիստաֆըր Ուոքընը: 70-ամեայ Ուոքըն ծանօթ է դժուար դերերու մեկնաբանութեամբ: Սակայն քիչեր գիտեն, որ ան փայլուն պարող մըն է: Ժապաւէնին նկարահանումները պիտի սկսին Սեպտեմբերին:
«ԵԹԷ ԲՈԼՈՐԸ …» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՄՐՑԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒՍ ՀՆՁԵՑ
21-27 Յուլիսին, Ալթայի մէջ տեղի ունեցաւ ֆիլմարուեստի ամենամեայ Շուկշինեան համառուսաստանեան 15-րդ փառատօնը, որուն գլխաւոր մրցանակը (առաջին անգամ փառատօնի պատմութեան մէջ) միաժամանակ տրուեցաւ երկու ժապաւէններու:
Աւանդական մրցանակները շնորհուեցան Ալեքսանդր Կաստկինի եւ Նաթալիա Նազարովայի «Աղջիկը» եւ Նաթալիա Բելեաուսկենէի եւ Միքայէլ Պօղսեանի հայկական «Եթէ բոլորը…» ժապաւէններուն:
Շուկշինեան համառուսաստանեան փառատօնը արդէն 15 տարին է, որ Ալթայի մէջ տեղի կ’ունենայ «Շուկշինեան օրեր»ուն ծիրէն ներս: Ամէն տարի մեծ գրողի համակիրները կը հաւաքուին այնտեղ մեծարելու անոր յիշատակը։
ԼՈՒՍԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ
«Հայկական Կինոյի Զարթօնք» շարժանկարի Կեդրոնի Խորհուրդը «Ազգային Կինօ» մրցանակ շնորհած է բեմադրիչ Լուսինէ Գէորգեանի «Զուարթնոց» վաւերագրական շարժանկարին` հայկական ճարտարապետութեան այդ բացառիկ կոթողին գաղտնիքները նոր ձեւով բացահատելու եւ հանրահռչակելու համար:
«Հայկական Կինոյի Զարթօնք» շարժանկարի կեդրոնի ՀԿ նախագահ Արմէն Ահարոնեանի խօսքով` շարժանկարի բեմադրիչ Լուսինէ Գէորգեան ներկայիս ծանր հիւանդ է եւ չունի բուժում ստանալու հնարաւորութիւն:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻ ՖԼՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ
Կեանքէն վաղաժամ հեռացած Ֆլորա Մարտիրոսեանի սպիտակ մարմարէ կիսանդրին պիտի կանգնեցուի Նոյեմբերին՝ անոր մահուան տարելիցին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ, ուր թաղուած է երգչուհին:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արձանի հեղինակը, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը նշած է, որ արձանի պատրաստութեան աշխատանքները աւարտած են, իսկ այս մէկը ընելու պատուէրը ինք ստացած է երգչուհիին ընտանիքէն: «Արձանն արդէն պատրաստ է, սակայն այն ամենայն հաւանականութեամբ կը բացուի Նոյեմբերին: Ես շատ էի ցանկանում, որ այն ոչ թէ երգչուհու գերեզմանի մօտ տեղադրուէր, այլ աւելի մարդաշատ, հանրային վայրում, ինչը, սակայն, տարակարծութիւնների տեղիք տուեց», բացատրած է Թոքմաջեանը: Անոր համաձայն, Ֆլորա Մարտիրոսեանի նման երգչուհին մարմարէ արձանի տեսքով մարմնաւորելը պահանջած է մանրակրկիտ աշխատանք, եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող հարազատներուն հետ համացանցի միջոցով շարունակուող համատեղ քննարկումներու երկար ընթացք:
Աւարտած տարբերակով արձանը ունի 2 մեթր 50 սմ. բարձրութիւն:
«Ես Ֆլորային անձամբ ճանաչել եմ, շատ մտերիմ չեմ եղել, սակայն երբ լսում էի նրա երգերը անմիջապէս պարզ էր դառնում, որ երգը հոգուց է գալիս», նշած է Թոքմաջեանը՝ ընդգծելով, որ ինք փորձած է մարմարակերտ տարբերակին մէջ ներկայացնել մեծանուն երգչուհիին ողջ հմայքը: Քանդակագործը յոյս ունի, որ իր աշխատանքը անտարբեր չի ձգեր հանրութիւնը։
«ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՕՏԵՍԱՅԻ ՖԻԼՄԱՐՈՒԵՍՏԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
«Փարաջանով» գեղարուեստական ժապաւէնը Օտեսայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին նկատուած է «Լաւագոյն ուքրանական երկար ժապաւէնը»։ «Եթէ ֆիլմն ուկրաինական է համարւում Ուկրաինայում, ուրեմն պէտք է, որ նա հայկական համարուի Հայաստանում, ֆրանսիական՝ Ֆրանսիայում եւ վրացական՝ Վրաստանում, հէնց դա է Փարաջանովի անսահմանութիւնը», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փառատօնէն ստացած իր տպաւորութիւնները յայտնած է ժապաւէնի գլխաւոր դերակատար եւ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանը: Անոր համաձայն, հաւանաբար ժապաւէնը պիտի դիտուի բազմազան հանդիսատեսներու կողմէ եւ պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատագիր: «Պէտք է այժմ իմանալ, թէ երբ է «Փարաջանով»ը յայտնուելու հայկական կինովարձոյթում, կարծում եմ, որ հայ հանդիսատեսն արդէն պատրաստ է այն ընդունելու», յայտնած է Աւետիքեանը:
«Փարաջանով՝ գեղեցիկի սիրահարը» կամ պարզապէս «Փարաջանով» ժապաւէնը առաջին անգամ ներկայացուած է 13 Յուլիսին՝ «Մոսկուա» թատրոնին մէջ՝ եզրափակելով յոբելենական «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը: Ժապաւէնի ուքրանացի արտադրողն է բեմադրիչ Ելենա Ֆետիսովան:
93 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին մէջ հանդիսատեսը կարելիութիւն պիտի ունենայ տեսնելու հեղինակներուն բացայայտած Փարաջանովը, որ թէ՛ կեանքին մէջ, թէ ժապաւէնին մէջ գեղեցիկի սիրահար է: Յատկանշականը այն է, որ այս ժապաւէնին մէջ մնայուն կերպով կատակող, դերասանական խաղի մէջ մտնող, ուրախ Փարաջանովը ներկայացուած է բոլորովին այլ՝ ողբերգական կողմէ, երբ ան մինակ նստած ձեռայիններ կը պատրաստէ, կը յիշէ մանկութեան տարիները, կինն ու տղան, որոնցմէ ճակատագիրի բերմամբ բաժնուած է։
Կը սերտուի ժապաւէնը այլ միջազգային փառատօններուն եւս ներկայացնելու հարցը։
ԲԱՆԱԿ ԶՕՐԱԿՈՉՈՒՈՂ ՏՂՈՒ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՄՐՑԱՆԱԿԻ
“Հայկական Կինոյի Զարթօնք” կեդրոնի խորհուրդը “Ազգային Կինօ” մրցանակ շնորհեց բեմադրիչ Ա․ Զաքարեանի “Կինը” կարճ շարժանկարին:
Շարժանկարին մրցանակը շնորհուած է հայ կնոջ կերպարը արժանապատուօրէն ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան հարցին նկատմամբ յարգանք ու պատասխանատուութիւն սերմանելու համար:
ՍԹՈՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Գեղանի դերասանուհի Շերոն Սթոն, այս օրերուն իր երկու զաւակներուն հետ կը գտնուի Հռոմ՝ Իտալիա: 55-ամեայ դերասանուհին կը նկարահանուի «Տը Կոլտըն Պոյ» անունով կատակերգութեան մը մէջ: Ժապաւէնին նիւթը գրած է Փուփի Աւաթի: Ան միաժամանակ կ’իրականացնէ նկարահանումները: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են Քրիսթիանա Գափոթոնտի եւ Ճիովանա Ռալի:
ՔԷԱՆՈՒ ՌԻՎԶ՝ ՍԱՄՈՒՐԱՅԻ ԴԵՐՈՎ
Ամերիկացի դերասան Քէանու Ռիվզ ( ծնած՝ Լիբանան) կը նկարահանուի սամուրայներու նուիրուած պատմական ժապաւէնի մը մէջ: Ժապաւէնին նախագիծը մշակուած էր 2008-ին, սակայն տնտեսական պատճառներով նկարահանումները հազիւ սկսան վերջեր: Ռիվզի նոր ժապաւէնը կը կոչուի « 47 Ռոնին»: Ան կը ներկայացնէ 18-րդ դարու Ճափոնը: Պատմութեան հերոսը վրէժ պիտի լուծէ հողատէրէ մը, որ սպաննած է իր տէրը եւ ընկերները: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Գառլ Ռինչ: Անոր մէջ կը նկարահանուին ճափոնցի դերասաններ: Ժապաւէնը մեծ պաստառներու վրայ պիտի բարձրանայ Դեկտեմբերին:
ՃԻՄԻ ՀԵՆՏՐԻՔՍԻ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ
Վաղամեռիկ կիթառիսթ Ճիմի Հենտրիքիսի կեանքը պատմող « Օլ Իզ Պայ Մայ Սայտ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5-15 Սեպտեմբերին Թոթոնթոյի մէջ կայանալիք Ֆիլմերու փառատօնին: Երաժիշտին դերը կը կատարէ Անտրէ Պենճամինը: Ժապաւէնը նաեւ յատուկ կ’անդրադառնայ իր օրին լայն ընդունելութիւն գտած « Առ Եու Էքսփիրիընստ» երգապնակին պատրաստութեան:
ԼՈՓԷԶԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԻՆԳ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐԸ
Յաջողակ երգչուհի, դերասանուհի, գործարարուհի, ձեւագէտ եւ երկու զաւակներու մայր Ճենիֆըր Լոփէզ քանի մը օր առաջ դարձաւ 44 տարեկան: Այս կապակցութեամբ, «ֆոքս Նիուզ» ներկայացուցած է Լոփէզի խաղարկութեամբ լաւագոյն հինգ ժապաւէնները: «Տը Ուետինկ Փլենըր», «Մէյտ Ին Մենհեթըն», « Շէլ Ուի Տենս», «Ուաթ Թու Էքսփեքթ Ուէն եուր Էքսփեքթինկ» եւ «Փարքըր»:
ՏԷ ՆԻՐՕ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԴՈՒՍՏՐԸ
Հանրածանօթ դերասան Ռոպերթ Տէ Նիրօ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուց իր կրտսեր դուստրը՝ Հելէն Կրէյսը: 69-ամեայ դերասանուհին եւ անոր 58-ամեայ կինը Կրէս Հայթաուըրը ունին հինգ զաւակ: Սակայն, տարօրինակ պատճառներով, անոնք կը խուսափէին իրենց կրտսեր դուստրը ներկայացնել հանրութեան:
Յիշեցնենք, որ Տէ Նիրօ երեք թոռներու մեծ հայր է: Հակառակ իր տարիքին, դերասանը աշխուժօրէն կը նկարահանուի նոր ժապաւէններու մէջ: Միայն 2013-ին, մեծ պաստառ բարձրացած է Տէ Նիրոյի խաղարկութեամբ վեց ժապաւէն: