ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
«Դաստիարակութիւնը ժողովուրդի մը պատմական
յիշողութեան պահպանումը ապահովող գործօնն է»
Պ. ՊԱՒԼՈՎ
Ընդհանրապէս դաստիարակութեան մասին երբ խօսինք, անմիջապէս դպրոցական կամ համալսարանական կրթութեան մասին կը մտածենք:
Խորքին մէջ դաստիրակութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուող ազգային բնաւորութիւնն է: Դաստիարակութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի մարդկային ընկերային գործընթացին վրայ: Եթէ պահ մը ենթադրենք, որ անհատ մը արժէքներու հանդէպ յարգանք ունենալու, երախտապարտ ըլլալու կանոնները պահելու դաստիարակութիւնը չէ ստացած, բնականաբար կ՛ընէ այն, ինչ որ կ՛ուզէ: Այդ մէկը քաոսային իրավիճակ մը կը ստեղծէ: Սակայն պէտք է շեշտեմ, որ մարդկային յիշողութեան մէջ կը մնան միայն բարոյական արժէքները, մտքի եւ բարօրութեան նախաձեռնութիւնները: Փաստօրէն դաստիարակութեան մէջ հիմք կը նետեն այդ երեւոյթները: Մնացեալները պղպջակի նման կ՛անհետանան` ուզեն թէ չուզեն:
Ժողովուրդներու դաստիարակութեան համար նկատի կ՛առնուին իրադարձութիւններ եւ ձեռքբերումներ, որոնք բարոյական արժէք ունին:
Դաստիարակութեան ամէնէն վտանգաւոր ձեւը հասարակութեան կողմէ ձեւաւորուող դաստիարակութիւնն է: Անկախ կրթական, ծնողներու եւ ընկերային իրավիճակներէն` հասարակութեան կողմէ ձեւաւորուող դաստիարակութիւնը երբեմն աղաւաղուած իրավիճակներ կը հրամցնէ: Ամէն օր իր տեսած եւ ապրած օրինակները իբրեւ ուսուցանելի օրինակ ունենալով` հաւաքականութիւնը ինքզինք կը դաստիարակէ այդ «նմուշներով»:
Բնականաբար մեր ընկերութիւններուն մէջ իւրաքանչիւրը իր ապրած միջավայրին մէջ բացթողումներ կը նկատէ, սակայն կարեւորը տեսնել, զգալ, արտայայտուիլ եւ դաստիարակելն է:
Վերջապէս, դաստիարակութեան մէջ ընտանիքի պատկերը մեր մարդկային տեսակի դիմանկարն է: Ամէն մարդ կեանքին մէջ առիթ ունի ընտանիք կազմելու եւ այդ ընտանիքին մէջ իր զաւակները դաստիարակելու մարդասէր եւ առողջ, ոչ թէ` ցուցամոլ, պատեհապաշտ, մակերեսային, զուարճախօս:
Իւրաքանչիւրը ի՛նք կ՛ընէ իր ընտրութիւնը: Ընտանիքները միասնաբար մեզ շրջապատող ընկերութիւններն են: Ընտանիքի պատկերը, ուրիշ խօսքով, մարդկային տեսակի դիմանկարն է: Ընտանիքը ուրեմն մե՛նք ենք: Դաստիարակութիւնն ալ մե՛ր պարտաւորութիւնն է: Թշնամիներ եւ մրցակիցներ փնտռող ընտանիքներ պէտք չէ պատրաստենք: Ընդհակառակը, անանձնական, նուիրուած եւ արժէքներու հանդէպ յարգանք ունեցող դաստիարակութեամբ լիցքաւորուինք: