Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 37 անդամ միացած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոնին` կոչ ուղղելով աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի համար 2019 ելեւմտական տարուան ընթացքին 70 միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Մենք կ՛ուզենք անգամ մը եւս մեր երախտագիտութիւնը յայտնել քոնկրեսական Փալոնին, Հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութեան մէջ անոր գործընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք միացած են Արցախի եւ Հայաստանի համար «Խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» օժանդակութեան թղթածրարին աջակցելուն», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան արտաքին օժանդակութեան յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Հալ Ռաճըրզին եւ յանձնախումի անդամ Նիթա Լոուէին կոչ ուղղած է 2019-ի ելեւմտական տարուան ընթացքին աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի համար 70 միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին:
Հայկական հարցերով յանձնախումբին առաջարկած գումարն ու քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները կը համապատասխանեն անցեալ ամիս Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին արտաքին օժանդակութեան մասին օրէնքի նախագիծի մշակումով զբաղող յանձնախումբին ներկայացուցած նամակով առաջարկուած օժանդակութեան ծաւալներուն:
Յանձնախումբը մասնաւորաբար խնդրած է 6 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախին` ականազերծման եւ հաշմանդամներու օժանդակութեան համար, 4 միլիոն տոլար` խաղաղութեան աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ 30 միլիոն տոլար Հայաստանին` իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն, 10 միլիոն տոլար` իբրեւ զինուորական օժանդակութիւն, 20 միլիոն տոլար` իբրեւ Միջին Արեւելքէն գաղթականներու ընդունման համար օժանդակութիւն: Յանձնախումբը խնդրած է նաեւ զինուորական օժանդակութիւն չտրամադրել Ազրպէյճանին: