Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու կողմէ ծրագրուած գործողութիւններու շրջան այցելած լրագրողներու, հաղորդեց, որ թրքական բանակը այս շաբաթ պիտի սկսի իր գործողութիւններուն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը երկրին սահմաններուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար գործողութիւններ պիտի կատարեն, եւ այդ առնչութեամբ որոշումը շուտով պիտի տրուի: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն այդ գործողութիւնները տեղի պիտի ունենան սուրիական 4 շրջաններու մէջ:
«Մինչ կը նախատեսուի, որ գործողութիւնը այս շաբաթ սկսի, շրջանին մէջ եռուզեռը աւելցաւ. Թել Ռիֆաաթի գիւղական շրջանի եւ Մընպեժի առաջին գիծերուն վրայ թրքական զինուորական ստորաբաժանումներ կ՛երեւին` սպասելով գործողութիւնը սկսելու լուրերուն», կը նշէ օրաթերթը:
«Հիւրրիեթ»-ի համաձայն, Ռաքքա քաղաքի հիւսիսային ծայրամասին մէջ գտնուող Այն Իսա շրջանին մէջ ծրագրուած գործողութեան բոլոր պատրաստութիւնները դադրած են, որովհետեւ Ռուսիան այդ գործողութեան համաձայն չէ գտնուած` նկատի ունենալով, որ այդ շրջանէն կ՛անցնի «Էմ4» ճամբան, որ Հասաքէ, Ռաքքա, Տէր Զօր եւ Հալէպ քաղաքները զիրար կը կապէ:
Ռուսիան յաւելեալ ուժեր ուղարկած է շրջան: