Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ հարց մը, որուն շուրջ խորհրդակցութիւններն ու հետապնդումները կը կատարուին բծախնդրօրէն:
Այս շրջագիծին մէջ, կը նախատեսուի, որ շաբաթավերջին իշխանութեան երեք պետերը ունենան հանդիպում մը:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հզօր եւ միացեալ կեցուածքով է, որ կը բանակցին:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան դիտողութիւններ ունի սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի առաջադրած լուծման տարբերակին նկատմամբ:
Պու Սաապ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն եւ առանց զիջելու բանակցութիւններուն մասնակցելու կ՛ուղղուի:
Այս առումով, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը յատուկ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով յայտնեց, որ Ամոս Հոքշթայն Լիբանան պիտի վերադառնայ իսրայէլեան կեցուածքով զինուած:
«Էլ. Պի. Սի.»-ի համաձայն, Հոքշթայն անհրաժեշտ պիտի նկատէ թիւ 1-23 սահմանագիծերուն ծիրին մէջ բանակցիլ, եւ պիտի շեշտէ, որ Ուաշինկթըն թիւ 29 սահմանագիծին մէջ բանակցութիւններու չի միջնորդեր:
Միւս կողմէ, լիբանանեան ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցող բանակի թեքնիք պատուիրակութեան պետ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եասին երէկ դարձեալ կոչ ուղղեց թիւ 6433 հրամանագիրը անմիջապէս բարեփոխումի ենթարկելու եւ յայտնեց, որ «Սթենա այսմեքս» նաւուն Քարիշ ժամանումը լիբանանեան ծովային սահմաններուն դէմ գործուած այլ ոտնձգութիւն մը կը նկատուի:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա սահմանագծումի հարցը կ՛արծարծէ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին. անոնց շարքին էին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:
Յայտնենք նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ նախագահ Աուն այսօր կամ վաղը պիտի յայտարարէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն մասին: Կը նախատեսուի, որ այդ խորհրդակցութիւնները տեղի ունենան յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: