Ապրիլեան պատերազմէն տուժած Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ շուտով սկիզբ պիտի առնէ բնակելի տուներու կառուցման երկրորդ փուլը: Այս մասին՝ ըստ Panorama.am-ի՝ ըսած է Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլեն Պետրոսեան:
Անոր խօսքով` երկրորդ փուլով կը նախատեսուի Թալիշի մէջ կառուցել եւ վերակառուցել 25 բնակելի տուն, 9-ը` հիմքէն. «Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի հրետակոծութենէն վնասուած տուները, ենթակառուցուածքները օր առաջ վերականգնուին»:
Վիլեն Պետրոսեան յայտնած է, որ այժմ ընթացքի մէջ է Թալիշի մէջ կառուցուող նոր դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերու կառուցումը. «Բուռն շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան: Երկու շէնքերն ալ ապահովուած են ապաստարաններով»:
Նշենք, որ ամիսներ առաջ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան յայտարարած էր, որ մինչեւ 2018 թուականի Սեպտեմբեր 1-ը շահագործման պիտի յանձնուին Թալիշի դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը` իրենց բոլոր յարմարութիւններով` գիշերային լուսաւորութեամբ եւ խաղահրապարակներով:
Վիլեն Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թալիշի մէջ արդէն շահագործման յանձնուած են 17 բնակելի տուներ, աւարտած է նաեւ համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի շէնքերու կառուցումը, որոնք նոյնպէս յառաջիկային շահագործման պիտի յանձնուին:
«Գիւղին մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած է արդէն մէկ ընտանիք, այս տուներու կառուցումէն ետք ալ մարդիկ պիտի վերադառնան գիւղ: Թալիշը կը վերակառուցուի, Թալիշը միշտ ալ պիտի ապրի»,- ըսած է Պետրոսեան: