Այս տարուան հոկտեմբերին Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ «Necessary Angel Theatre Company»-ի կողմէ Շարլ Ազնաւուրի 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ պիտի բեմադրուի ներկայացում` նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչի կեանքին ու գործունէութեան,- այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Այս կապակցութեամբ մարտ 22-ին Քանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ ձեռնարկ-երեկոյ` Շարլ Ազնաւուրի, Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանի, ինչպէս նաեւ այլ մշակութային ու հասարակական գործիչներու մասնակցութեամբ:
Երեկոյին ընթացքին թատերախումբի կողմէ ներկայացուած է երգիչին նուիրուած ներկայացման նախնական տարբերակը: Նախապատրաստուող բեմադրութիւնը արդէն իսկ մեծ ուշադրութեան արժանացաւ արուեստագէտներու եւ թատերական քննադատներու կողմէ: