Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քաղաքականութիւն կը վարէ Ազրպէյճանի համաձայնութեամբ եւ հաւանութեամբ: «Հապեր Կլոպըլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք:
«Ինչպէս յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Թուրքիան պիտի չմասնակցի որեւէ նախաձեռնութեան, զոր ազրպէյճանցի ժողովուրդն ու Ազրպէյճանի պետութիւնը պիտի նկատեն ոչ նպատակայարմար», ընդգծած է Չելիք:
Ան նշած է, որ Ղարաբաղի մէջ «Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք նոր կարելիութիւնններու պատուհան բացուած է»:
Մէջբերելով Էրտողանը, որ ըսած էր. «Եթէ Հայաստանը հեռու մնայ այդ յաւակնութիւններէն եւ հրաժարի Ազրպէյճանի նկատմամբ իր յարձակողապաշտ վերաբերմունքէն, ապա կրնայ ի յայտ գալ շրջանի այլ պետութիւններու` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ խաղաղութեան լայնածաւալ մեքանիզմի տեսլականը», Չելիք աւելցուցած է. «Թուրքիոյ նախագահը շրջանային խաղաղութեան նպաստելու եւ Սեւ ծովու ճգնաժամը կանխարգիլելու նպատակով վճռականօրէն կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը, եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քայլերու կը ձեռնարկուին Ազրպէյճանի հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ` «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով»: