Երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտը տժգոյն եւ դանդաղ քայլերով կ՛առաջնորդուի:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ Հըզպալլա երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իր զոյգ դաշնակիցներուն` Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին, ջանալով ապահովել ազգային շահերը:
Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ եւ սիւննի համայնքը ներկայացնող անկախ անձնաւորութիւններ մեկնարկը կատարեցին ազգային միացեալ նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է փրկել լիբանանեան ինքնութիւնը:
Պէտք է աւելցնել, որ այսօր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարեն նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկեն այդ մարզերուն յատուկ օրինագիծեր:
Նաեւ պէտք է նշել, որ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն հարազատները «Դէպի արդարութիւն» խորագիրը կրող բողոքի նստացոյց մը պիտի կատարեն, այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, մերժելով նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը խոչընդոտող արգելքները:
Խեղդող սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներու կայուն զարգացման լոյսին տակ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ անհեռանկար: