Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանեց թրքական լրատուամիջոցներուն տարածած տեղեկատուութիւնը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լուծման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին:
«Այս պահի դրութեամբ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպումների մասին մենք հանրութեանը պատշաճ ժամկէտներում, նախօրօք տեղեկացնում ենք», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին՝ նշելով, որ գործընթացը կը շարունակուի եւ այս ուղղութեամբ որոշ քայլերու պիտի ձեռնարկուին: Այս մասին յայտնեց ատրպէյճանական «Ապա» գործակալութիւնը:
Ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ մէջ ընթացող դեսպաններու 13րդ համաժողովին, Չաւուշօղլու ըսաւ, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը համադրուի Ատրպէյճանի հետ, ինչ որ որոշ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ Հայաստանի մէջ: Սակայն ան հաստատեց, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան «անկեղծ են»:
«Մենք ժողովրդավարական երկիրներ ենք: Որքան ալ կարգաւորման գործընթացը երկկողմանի ըլլայ՝ մենք բոլորս պէտք է քայլերու ձեռնարկենք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման համար», շեշտեց ան:
Թրքական լրատուամիջոցները՝ յղում կատարելով թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտի մը, նաեւ գրած են, թէ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը հաւանական է, որ տեղի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
Արդարեւ, թրքական Ulusal kanal կայքը, վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան անանուն աղբիւրը՝ յայտնեց, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու հանդիպումը կը նախատեսուի գումարել Կարսի մէջ՝ ներկայութեամբ երկու երկիրներու տնտեսութեան, կապի ու հեռահաղորդակցութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն:
Կը նշուի, որ թրքական կողմը արդէն հետազօտած է հայ-թրքական սահմանի երկայնքով շուրջ 180 քիլոմեթր հատուած, եւ անհրաժեշտ նկատած թեքնիք ուսումնասիրութեան ենթարկել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Արաքս գետի վրայի կամուրջը:
«Ուսումնասիրուած են նաեւ Անիի աւերակները, որոնց կարգին Ախուրեան գետին վրայ գտնուող յայտնի Մետաքսի ճանապարհի կամուրջի վերանորոգման կարելիութիւնը, որ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան բարձրացման համար կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ», հաստատեց անանուն աղբիւրը Ulusal kanal-ի հետ զրոյցին ընթացքին:
Այլ թրքական լրատուամիջոց մը՝ A Haber, դարձեալ արտաքին գործոց նախարարութեան ոչ-պաշտօնական աղբիւրի մը յղում կատարելով՝ կը գրէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի: «Հայաստանի հետ հինգերորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ գործընթացը փխրուն է, անհրաժեշտ է հասնիլ ամուր խաղաղութեան», կը նշուի լուրին մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Թուրքիա դէմ է, որ Հայաստանի հետ հանդիպումը տեղի ունենայ երրորդ երկրի մը մէջ։ «Ասիկա թշնամիներու հանդիպում չէ, անիկա պէտք չէ գումարուի երրորդ երկրի մէջ», գրած է A Haber-ը:
Նշենք, որ հակառակ Անգարայի յանկերգին, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՛ընդանայ առանց նախապայմանի՝ Երեւան որեւէ տեսակէտ կամ համաձայնութիւն չէ տուած թրքական այն պնդումներուն, ըստ որոնց, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար պէտք է բացուի «Զանգեզուրի միջանցք»ը։