ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է լուծուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտին հիման վրայ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ տպագրութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Իվան Նեչաեւ:
Ան յիշեցուց, որ 4 Օգոստոսին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց՝ Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի սրման վերաբերող եւ կոչ ուղղեց կողմերուն՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ պահպանելու զինադադարը:
«Կը վերահաստատենք բոլոր հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար 2021ի եւ 26 Նոյեմբերի յայտարարութիւններուն համաձայն: Անիկա կը վերաբերի նաեւ Լաչինի միջանցքին, որուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է լուծուի 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտին հիման վրայ, որ կը սահմանէ, թէ, կողմերուն համաձայնութեամբ, յառաջիկայ երեք տարիներուն պիտի որոշուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով երթեւեկի նոր երթուղիի կառուցման ծրագիր՝ ապահովելով Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ կապը, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հետագայ վերաբաշխումով այս երթուղին պաշտպանելու համար», նշեց Նեչաեւ:
Ըստ անոր՝ բոլոր վերոնշեալ հարցերը, որոնց կարգին Լաչինի միջանցքի հարցը, խորհրդակցութիւններու առարկայ են՝ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերը գոհացնող լուծումներ գտնելու նպատակով:
«Քաղաքական հետեւողական քննարկումներուն զուգահեռ աշխոյժ կերպով կ՛աշխատին նաեւ ռուս խաղաղապահները, որոնք անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրեն գետնի վրայ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ: Աւելի շուտ, թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի կողմէ տարբեր առիթներով ընդգծուեցաւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան կարեւոր դերակատարութիւնը: Խաղաղապահներուն նկատմամբ առանձին քննադատութիւնները արդարացի չենք նկատեր», շեշտեց ան:
Նեչաեւ, պատասխանելով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հաւանական հանդիպման մասին հարցումին՝ ըսաւ, որ Մոսկուա կը ծրագրէ մինչեւ Օգոստոսի աւարտը բարձր մակարդակի եռակողմ շփումներ կազմակերպել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման տարբեր թեմաներու շուրջ:
«Ծրագիր կայ բարձր մակարդակով եռակողմ կապեր կազմակերպելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորման տարբեր թեմաներու շուրջ՝ մինչեւ Օգոստոսի աւարտը», ըսաւ Նեչաեւ՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահին մասնակցութեամբ իւրաքանչիւր բարձր մակարդակի կապ կը մեկնաբանուի նախագահի աշխատակազմին կողմէ: