Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտի այցելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «ՄԱԿ-ի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿ-ի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական արժեչափերուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորաբար, 1948 թուականի ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային օրէնքը կեղծելու փորձերը: Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ առնչուած փաստերը պէտք է քննուին լիարժէք, արդար եւ ազնիւ շրջանակներու մէջ»:
Բացի ատկէ, նշուած է, որ Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը օգտագործուած է իբրեւ «հայկական միակողմանի թեզերու գործիք»: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Շահիտը, որ ստանձնած է այնպիսի պաշտօն, որ պիտի ըլլայ արդար եւ անկողմնակալ, ինչպիսին ՄԱԿ-ի Ընդանուր ժողովի նախագահի պաշտօնն է, կ՛ակնկալուի, որ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու գործէ: