Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան թրքական խորհրդարանին մէջ դարձեալ յարձակումի ենթարկուած է իշխանական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:
Փայլան իր արտասանած խօսքին ընթացքին Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Նաճի Աղպալին կոչ ուղղած է` յատուկ քննութեան սկսելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ընտանիքի անդամներուն` Մեն կղզիի վրայ անդրծովեան ընկերութիւններուն հետ կապին վերաբերեալ:
Ի պատասխան, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ նախարարը փորձած է վիրաւորել Փայլանը. «Դուք թերեւս վերջին անձն էք, որմէ պէտք է բարոյականութեան դաս առնենք, սակայն այդ ալ չէք: Ասիկա յատուկ կերպով կ՛ուզեմ շեշտել. դուն այս խորհրդարանին մէջ նոյնիսկ ամէնէն վերջին մարդն ալ չես»:
«Ամբարտաւանութիւն չընե՛ս», զգուշացուցած է Փայլանը թուրք նախարարին, որ վերջինս ոտքի կանգնած ու քալած է Փայլանի ուղղութեամբ` փորձելով յարձակիլ անոր վրայ: Վէճին մասնակցած են նաեւ այլ երեսփոխաններ:
Լարուածութեան պատճառով խորհրդարանի նիստը ընդհատուած է:
Փայլան.«Այլախոհ Թուրքեր Եւ Հայեր Կրնան Յարձակումներու Թիրախ Դառնալ Եւրոպայի Մէջ»
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Փայլան դեկտեմբեր 19-ին հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ կ՛անդրադառնայ շատ մտահոգիչ նիւթի մը: Արդարեւ, Փայլան զանազան աղբիւրներէ հաստատուած լուրերու հիման վրայ տեղեկացած է, թէ կարգ մը «մութ ուժեր» ու խմբակներ կը պատրաստուին զգայացունց ու աղմուկ բարձրացնելու միտող արարքներ գործադրել` ընդդէմ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ բնակող հայ, թուրք ու ալաուի ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ այն լրագրողներուն, գրագէտներուն, ակադեմականներուն, մտաւորականներուն, որոնք ներկայ իշխանութեանց կառավարման շրջանին ստիպուեցան Թուրքիան լքել ու Եւրոպա բնակիլ:
Փայլան դիտել կու տայ, որ նշանաւոր անուններու ուղղեալ յստակ այս սպառնալիքին մասին տեղեակ պահած է կառավարութեան ներկայացուցիչները` յիշեցնելով անոնց պարտաւորութիւնները եւ պահանջելով, որ գործի անցնին:
Փայլան յայտնած է, որ Հրանդ Տինքը սպաննող Սամասթին նման երեք ահաբեկիչներ ներառուած են ծրագրուած մահափորձերուն համար, իսկ իշխանութիւնները պէտք է արգելք ըլլան անոնց: «Աստուած չընէ, եթէ այսպիսի բան պատահի, ասոր պատասխանատուն կառավարութիւնը պիտի ըլլայ», շեշտած է Փայլան: