Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վերջին օրերուն ընդունուած մեծ քաղաքներու մասին աղմկայարոյց օրինագիծին ուժի մէջ մտնելէն ետք` Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին իրաւունքները ի չիք կը դառնան:
Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին` իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) կողմԷ խորհրդարան ներկայացուած եւ անցած մեծ քաղաքներու մասին նոր օրինագիծին հետ առնչուած Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին` Մուսա Լեռան Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ճէմ Չափար հայկական գիւղի բնակչութեան անհանգստութիւնը փոխանցած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլա Էրկինին:
Ճէմ Չափար նշած է, թէ այս օրէնքը ուժի մէջ մտնելէ ետք պիտի փոխէ Վագըֆի ժողովրդագրական պատկերը, ուր այժմ կ’ապրին բացառապէս հայեր: Անոր խօսքով` նոր օրինագիծը կ’ենթադրէ, որ Վագըֆը կորսնցնէ գիւղ ըլլալու կարգավիճակը: «Մենք խնդիրին մասին մեր անհանգստութիւնը յայտնած ենք Արդարադատութեան նախարարին եւ Հաթայի նահանգապետին:
Նախարարը, որ Հաթայէն է, կը կիսէ մեր անհանգստութիւնը` նշելով, որ Վագըֆը Հաթայի մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կարեւոր խորհրդանիշ է: Ան մեզի խորհուրդ տուաւ դիմում գրել եւ հաշուի առնել այդ օրէնքի ուժի մէջ մտնելէն Վագըֆի կարգավիճակը: Մենք ալ դիմում գրած ենք»,- նշած է Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած եւ ծեծկռտուքով անցած օրինագիծով` 500 հոգիէն պակաս բնակչութիւն ունեցող գիւղերը կը կորսնցնեն գիւղ ըլլալու կարգավիճակը եւ կը կցուին այլ մեծ բնակավայրի մը` կորսնցնելով գիւղապետ ընտրելու իրաւունքը:
Թուրքիոյ Հաթա նահանգին մէջ գտնուող հայկական միակ գիւղին մէջ կ’ապրի ընդամէնը 135 անձ: