Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը տխրահռչակ Ժոզէֆ Կէոպելսի արժանաւոր ժառանգորդն է: Ապացոյցները անթիւ են եւ անհամար: Քարոզչականապտեղեկատուութեան այս վատահամբաւ ռազմավարութիւնը դարձած է թրքական դիւանագիտութեան ուղենիշ: Թրքական մամուլի ու լրատուական հաղորդումներու ընթացքին, մէն մի օր կարելի է հանդիպիլ անհիմն ու ճշմարտութեան չհամապատասխանող լուրերու եւ վերջապէս՝ պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող սադրանքներու: Նողկալի այս քարոզչութեան ամենօրեայ զոհը դարձած են անոր բռնատիրութեան տակ ապրող հայ, յոյն, ասորի, եզիտի,ալաուի համայնքները: Լոյս աչքով կը յափշտակուին ու կը պղծուին անոնց՝ քաղաքակրթութիւնը արտացոլացնող պատմամշակութային կոթողներն ու սրբավայրերը, եկեղեցիներն ու կրթական հաստատութիւնները:
Կէոպելսի հետեւորդները ամբարիշտ ճանապարհներով կ’իւրացնեն Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու պատմական- մշակութային ժառանգութիւնները, զանոնք ներկայացնելով իբրեւ թրքական քաղաքակրթութեան նմոյշ: Քարոզչական այս արշաւին տակ դժբխտաբար խօլացած են փոքրամասնութիւններու բողոքներն ու դատապարտումի արշաւները: Տակաւին վերջերս, խորհրդարանական կուսակցութիւն մը առաջարկեց մզկիթի վերածել Այա Սոֆիա պատմական եկեղեցին: Քանի մը օր առաջ, թրքական խորհրդարանը որոշեց մզկիթի վերածել միջնադարերէն յափշտակուած,բիւզանդական Սթիւտիոս վանքը (հռչակաւոր Իմրահորի կոթողը)..:
Քանի մը օրէ ի վեր, թրքական եւ ազերիկան մամուլին մէջ կը շրջի լրատուութիւն մը: Աղբիւրը «Սապահ» օրաթերթն է.«Հայաստան պատրաստ է հեռանալու Լեռնային Ղարաբաղի երկու շրջաններէ» խորագիրով աւետիս մը կը հաղորդէ «Սապահ», ի լուր՝ աշխարհ: Ուշագրաւ եւ հետաքրքրական խորագիր մը անկասկած, որուն անմիջապէս տակը, քանի մը տողերու մէջ պիտի ընթերցենք՝ հակասական եւ շարահիսութեամբ թերի լրատուութիւն մը. « Հայաստան պատրաստ է հեռանալու ատրպէյճանական երկու շրջաններէ: Թուրքիա, ճանապարհային նոր քարտէս մը պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար, արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կատարելիք այցելութեան նախօրէին: Թուրքիա՝ կը փափաքի, որ Հայաստան պաշտօնապէս պատրաստակամութիւն յայտնէ հեռանալու տուեալ հատուածներէն: Տաւուտօղլու պատրաստ պիտի ըլլայ մասնակցելու Երեւանի մէջ կայանալիք Սեւ Ծովեան պետութիւններու Համագործակցութեան խորհրդաժողովին, այն պարագային, երբ Երեւան հաստատէ խնդրոյ առարկայ յանձնառութիւնը: Հայաստան՝ տնտեսական գետնի վրայ բաւական ետ կը մնայ Ատրպէյճանէն, հետեւաբար պարտաւոր է երթալու զիջումներու: Գրաւուած եօթ շրջաններէն երկուքէն հեռացումը, ճանապարհ պիտի բանայ բարելաւելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները»:
Լրատուական այս ձաբռտուքին մէջ պաշտօնական ոչ մէկ յստակ նշում կայ հողերէ հեռանալու վերաբերեալ: Անկապ եւ անհիմն լուրերու կոյտ մը՝ որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի խորագիիրն հետ: Սակայն, տողերուն ընդմէջէն կարելի է նշմարել փորացաւի մը նախանշաններ…:
Հայաստան որու՞ն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի երկու շրջաններ վերադարձնելու իր «ցանկութիւն»ը: Երկրորդ՝ ո՞վ լիազօրած է Թուրքիան ճանապարհային քարտէս մշակելու հակամարտութեան կարգաւորման համար: Անկախ այս երկու հարցադրումներէն, լրատուութեան մէջ առկայ է ցանկութիւն մը: Փափաքի եւ ցանկութեան միջեւ շփոթ մը՝ ճշմարտութիւններ խեղաթիւրելու նոր փորձ մը: Սակայն ինչո՞ւ «շրջաններէ» հեռանալու մասին թրքական այս վերջին աճպարարութիւնը: Պատճառը պարզ է եւ յստակ: Նախ, ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հետեւեալ նախադասութեան վրայ՝«Թուրքիա կը փափաքի,որ Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնէ հեռանալու տուեալ հատուածներէն…»: Այս պարբերութիւնը արդէն բաւարար ապացոյց է համոզելու, թէ Հայաստան ոչ ոքի արտայայտած է սեփական հողերէն հեռանալու «ցանկութիւն»: Բայց թրքական քարոզչական մեքենան ինչո՞ւ յատկապէս այս օրերուն պիտի արծարծէ «հողերէ հեռանալու» հարցը, երբ տակաւին Նոյեմբերի ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահները, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման լոյսին տակ լոյս ընծայած իրենց հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կատարեցին հողային փոխանակումներու վերաբերեալ: Այս ապատեղեկատուութեան տակ պահուած է կարեւոր իրողութիւն մը:
Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր ետք, Երեւան պիտի հիւրընկալէ Սեւ Ծովու Համագործակցութեան անդամ պետութիւններու հերթական խորհդաժողովը: Թուրքիա՝ այլ պետութիւններու նման, ստացած է մասնակցութեան հրաւէր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացակայելու միջոցներ կը փնտռէ խորհրդաժողովէն: Բացակայութիւնը արդարացնելու շատ կարեւոր պատճառ կրնայ ծառայել Լեռնային Ղարաբաղի շահարկումը: Թուրքիոյ քայլը, Ատրպէյճանի հետ գործակցաբար, խորհրաժողովի նախօրէին ելեկտրականացած մթնոլորտ ստեղծելու փորձ մըն է պարզապէս՝ մասնակից պետութիւններուն վերյիշեցնելու, թէ Հայաստան կը մնայ «բռնագրաւիչ» պետութիւն: Անգարա կը փորձէ միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ թէ Հայաստան կը մնայ անզիջող՝ նոյնիսկ երկու շրջաններէ կը մերժէ հեռանալ: Միւս կողմէ, անիկա իր «Կրտսեր Եղբօր» առջեւ կը փափաքի ցոյց տալ, թէ կը մնայ նախանձախնդիր անոր «հողերուն» պաշտպանութեան:
Տաւուտօղլու կը մոռնայ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագհները բազմիցս նշած են, թէ անգործնական եւ ոչ օգտաշատ կը նկատեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ մասնակցութիւնը: Իսկ հողային իրաւատիրութեան մասին անոր սկզբունքայնութիւնը զինք կրնայ անհաճոյ թղթածրարներու առջեւ դնել, սկսելով Արեւմտահայաստանէն, Հիւսիսային Կիպրոսէն, Ալեքսանտրէթէն, հիւսիային Իրաքէն …:
Թրքական ապատեղեկատուութեան հերթական փուչիկին նպատակները յստակ են եւ ծիծաղելի:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ