Թուրքիոյ քրքական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատագամաւոր Կարօ Փայլանը գրաւոր պատասխանած է թրքական «Աքշամ» պարբերականի հրապարակման, ուր նշուած էր, թէ HDP–ի կեղտոտ ձեռքով Փայլանը կը խառնուի պատրիարքարանի գործերուն:
Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Կարօ Փայլանի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ որոշ մութ ուժեր, համագործակցելով կարգ մը մարդոց հետ, կը փորձեն կեղծել մեր պահանջները:
Փայլան շեշտած է, թէ ժողովրդավարական կառոյցներու մէջ ճգնաժամերը կը լուծուին միայն ժողովրդավարական ընտրութիւններով: «Իբրեւ հայ համայնք, մենք կ՝ուզենք վերջ դնել քաոսին եւ իրականացնել մեր իրաւունքը հանդիսացող ընտրութիւնները: Ես ամէն տեղ կը բացատրեմ, որ ասիկա կը բխի նաեւ Թուրքիոյ շահերէն»,- ըսած է հայ պատգամաւորը:
Յիշեցնենք, որ «Աքշամ»-ի հրապարակման մէջ Կարօ Փայլանը ներկայացուած էր իբրեւ քրտական կուսակցութեան գործիք, որ պիտի խափանէ պատրիարքի ընտրութիւնները: