Հայաստանի հրաձգութեան տարիքային հաւաքականները մրցաշրջան 2018-ը պիտի սկսին Միւնիխի միջազգային մրցաշարով: Այս մասին կը գրէ ՀԱՈԿ-ը:
Միւնիխի մէջ, ատրճանակ զէնքաձեւի մէջ, Հայաստանը պիտի ներկայացնէ միայն մէկ հրաձիգ` Բենիկ Խլղաթեանը, իսկ հրացան զէնքաձեւի մէջ` Հրաչ Բաբայեանը, Հայկ Բաբայեանը, Նարեկ Ադամեանը, Մարիամ Միքայէլեանն ու Ալլա Պօղոսեանը:
Մրցաշարը պիտի կայանայ Յունուար 24-27: