Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Իտալիոյ խորհրդարանը պաշտօնապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը եւ երկրին կառավարութենէն պահանջեց «պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», անոր տալով միջազգային գնահատական:
Իտալական ANSA լրատուական գործակալութեան համաձայն, բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած են 382 երեսփոխաններ: 43 երեսփոխաններ մնացած են ձեռնպահ: Ոչ ոք քուէարկած է դէմ:
Բանաձեւը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երկխօսութեան սկսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Բանաձեւը միաժամանակ Թուրքիոյ կառավարութենէն եւ խորհրդարանէն կը պահանջէ թիկունք կենալ Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան:
Բանաձեւը քուէարկութեան դրուելէ 24 ժամ առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած էր Անգարայի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Կայանին:
Նախքան քուէարկութիւնը արտասանած իր խօսքին մէջ, Իտալիոյ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի կտրականապէս մերժեց Եւրոպական Միութիւն անդամակցելու Թուրքիոյ փորձերը.« Թուրքիան Եւրոպա չէ, պիտի չըլլայ Եւրոպա: Անդամակցութեան գործընթացը անհրաժեշտ է կասեցնել, անհրաժեշտ է դադրեցնել ամբողջութեամբ» յայտարարեց Սալվինի: