Քսան օր եւս, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի բոլոր ափերուն վրայ կ’եզրափակենք հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը: Մարդկային քաղաքականութեան մէջ ցեղասպանութեան նախատիպը հանդիսացող յանցագործութիւնը առ այսօր կը մնայ անպատիժ:
Անցնող 98 տարիներուն ընթացքին, քսան պետութիւններու խորհրդարաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ոմանք դատապարտած են իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր, ուրիշներ զայն շաղկապած են հրէից եւ այլ ժողովուրդներու ապրած ողբերգութիւններու հետ: Ոմանք՝ տառացիօրէն դատապարտած են, ոմանք՝ ոչ: Շատ բան կարելի է հասկնալ դատապարտումի բանաձեւերուն շարահիւսութեան եւ շեշտաւորման եղանակէն: Սակայն, պատիւ այդ ժողովուրդներուն ու կազմակերպութիւններուն, առ այսօր քսան եւ աւելի պետութիւններ ճանչցած են մեր ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ գործուած զարհուրելի ոճրագործութիւնը:
Երկու տարի ետք, հայ ժողովուրդը պիտի ոգեկոչէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Անպատիժ ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: 98 տարուան հետեւողական եւ յարատեւ աշխատանք: Նախորդ սերունդները կատարեցինք հնարաւոր կարելին: Պաղ պատերազմին հետեւանքով գոյացած համաշխարհային բեւեռացումը ժխտական ներազդեցութիւն ունեցաւ պահանջատիրական մեր պայքարին վրայ: Ոմանք պահանջատիրութիւնը շփօթեցին հակահամայնավար պայքարին հետ՝ Հայաստանի համայնավար վարչակարգին տապալումին մէջ տեսան պահանջատիրութեան յաղթանակը: Ուրիշներ՝ Խորհրդային Հայաստանի հզօրացումին մէջ: Դժբախտաբար, երկու կողմերն ալ իրենց ներքին պայքարներուն հետեւանքով մոռցան հիմնական պայքարը՝ հողային պահանջատիրութիւնը: Յաճախ խարխափեցանք միջոցին եւ նպատակին միջեւ: Մեր սահմանափակ կարելիութիւններուն մէջ մոռցանք Արեւմտահայաստանը: Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձաւ նպատակ:
Վերոյիշեալ պատճառներուն հետեւանքով, կազմաւորուելու, միաւորուելու փոխարէն, յաճախ գիտակցաբար, յաճախ՝ ոչ, մոռցանք սփիւռքահայութեան լինելութեան առաջնայնութիւնները: Մեր ուժերը սպառեցինք անտեղի վէճերով…: Առանց երբեք անտեսելու կամ թերագնահատելու պահանջատիրական մեր աշխատանքները, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ մեր յաջողութիւնները համեստ են, համեմատելով՝ ակնկալուածին հետ:
Երկու տարի ետք պիտի ոգեկոչենք անպատիժ ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Քարոզչական եւ իրաւական գետնի վրայ ին՞չ կը կատարենք այս ուղղութեամբ: Գնահատելի իրողութիւն է, որ այսօր աւելի միակամ ենք քան՝ երէկ: Սակայն մենք՝ միակամութենէ աւելի, երանելի միասնականութեան ծառաւը կ’ապրինք տակաւին..: Ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուինք մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան հարիւրամեակին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը բաւական մեծ փորձառութեան ճամբայ հատած են այս ուղղութեամբ, եթէ հարցը կը վերաբերի «կազմակերպչական՚ աշխատանքներուն» :Միայն ոգեկոչման հանդիսութիւններո՞վ պիտի սահմանափակուին հարիւրամեակի ոգեկոչումները: Միայն «կազմակերպչական» աշխատանքներու մէջ պիտի սպառենք մեր ներուժը: Զարմանալիօրէն բարոյական յաղթանակները սկսած են գինովցնել մեզ: Անոնք մեր ակնկալութիւններուն գոհացում սկսած են տալ…: Դժբախտաբար, առ այսօր մեր աշխատանքները կը սահմանափակուին համեմատաբար մարդասիրական հարթութիւններու վրայ կամ՝ միջոցառումներու սահմաններուն մէջ: Յանդգնութիւն պիտի ունենա՞նք անգամուան մը համար ինքնաքննադատօրէն մենք զմեզ հարցադրելու՝ գո՞հ ենք արդեօք այն աշխատանքէն, զոր կը կատարուի ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողային պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ: Բաւարար չե՞ն արդեօք բեմերէն արտասանուած վերացական կարգախօսները:
Երկու տարի տարի ետք պիտի ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Սփիւռք եւ հայրենիք կազմաւորուելու, պահանջատիրական պայքարը գիտական եւ իրաւական հիմքերու վրայ փոխադրելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք անխտիր: Ժամանակը եկած է՝ իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն եւ իրաւատէր լսելի դարձնելու մեր ձայնը: Անհրաժեշտ է ձերբազատիլ բարոյական ճանաչումի քնաբեր եւ ժամանակաւոր խաբկանքներէն եւ պատրաստուիլ հողային ու նիւթական հատուցումներու հանգրուանին: Մեր բոլոր աշխատանքը կեդրոնացուցած ենք Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, բայց միւսկողմէ, գիտակցաբար կամ ոչ՝ մոռացութեան մատնած ենք իրաւական գետնի վրայ ցեղասպանէն հատուցում պահանջելու հրամայականը:
Գիտակցուած կամ պատահական այս անտարբերութիւնը ճակատագրական հարուած մը պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանէն տարագրուած սփիւռքահայութեան, որ կը ներկայանայ իբրեւ Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութեան բուն իրաւատէրը: Մեր պահանջատիրութիւնը չաւարտիր ցեղասպանութեան ճանաչմամբ: Անհրաժեշտ է սթափիլ անկողնային մահաքունէն եւ կազմակերպուիլ իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն, ուժերու վերադասաւորում կատարել եւ իրաւական հիմքերու վրայ դնել պահանջատիրական պայքարը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ