ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կասկած յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնները կրնան նպաստել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման:
Այս կեցուածքը դրսեւորուեցաւ «Մարշըլ» հիմնարկութեան համացանցային քննարկումին ընթացքին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գրասնեակի ներկայացուցիչ Ճորժ Քենթի կողմէ:
«Չեմ ուզեր մեկնաբանել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները: Կրնամ միայն ըսել, որ ան շարք մը իրավիճակներու վերաբերեալ բազմաթիւ ոչ շատ օգտակար յայտարարություններով հանդէս եկած է», յայտարարեց Քենթ՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան գլխաւոր նպատակներէն մեկը Արցախի տագնապի կարգաւորման շուրջ հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութեան խթանումն է:
«Խաղաղ կարգաւորման հիմք կը կազմեն Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնութեան հիմնարար սկզբունքները՝ հարցին ուժային լուծման բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք: Այս սկզբունքները կողմերը տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն», նշեց ան։
Քենթ նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին կացութեան։ «Կը կարծեմ, որ հայերը արդար կերպով կրնան հպարտանալ էական համակարգային փոփոխութիւններով, որոնք խաղաղ ջանքերով կատարուեցան», ըսաւ ան՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ ոստիկանութիւնը եւ արդարադատութեան համակարգը բարկարգելու ջանքերուն։