Պահը յուզիչ էր, երբ 98-ամեայ բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան մուտք կը գործէր ՀՀ. Դեսպանատան դահլիճէն ներս, ընդունելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի արդար ու եզակի գնահատանքը ուղղուած սփիւռքահայ մեծանուն բարերարին:
Յուզիչ էր պահը` որովհետեւ բարերարին կենսագրութիւնը սկիզբ էր առած 24 Ապրիլ 1915: Դար մը ամբողջ` կենդանի Հայոց Պատմութիւն: Մանկութիւն մը` առլցուն վերապրումի ամէնօրեայ տուայտանքով ու երազներով Արեւոտ Անապատի հրաշէկ աւազներու վրայ: Պատանութեան տարիները` ուսումի եւ իմացական լոյսի տոչորումով: Երիտասարդութեան շրջանը` վերապրումի եւ ինքնահաստատման լուսաշող երազներու յագեցումով: Առաւել`
ՀԱՅ ՄԱՐԴՆ է ան մեծատառ ու մեծասիրտ, որ աւելի քան յիսնամեակէ մը ի վեր իր կեանքին տարիները իմաստաւորած եւ արժեւորած է անմնացորդ մասնակցութեամբը լիբանանահայ մշակութային կեանքին, ու յատկապէս` Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, պարզ անդամակցութեան տարիներէն մինչեւ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետի իր պաշտօնավարութիւնը եւ նոյն շունչով մինչեւ այսօր իր խո՛ր ալեւոյթը:
Շքանշանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ 7 Մարտ 2013-ին, Լիբանանի Հ.Հ. Դեսպանատունէն ներս, ձեռամբ Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեանի: Ներկայ էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Նորայր եպս. Աշըգեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, բարերարին կողակիցը` Ազն. Տիկին Արեգ Նազարեան, որդիները` Արթիւր եւ Լեւոն Նազարեաններ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի բարերարին հետ գործակցած պատասխանատու դէմքեր, վարչականներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ` «Կարպիս եւ Արեգ Նաարեան Հրատարակչական Հիմնադրամ» Վարչական Մարմնի անդամները:
Յայտագրի գործադրութիւնը,- Հ.Հ. Դեսպանի Ողջոյնի խօսքն ու շքադրումը մեծարեալին, շնորհակալական խօսքը Տիար Կ. Նազարեանին, յանուն Նազարեան ընտանիքի` սրտի խօսքը Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանի, եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական գիրին ընթերցումը` Պր. Արթուն Համալեանի կողմէ,_ սոյն արարողակարգին տուին հանդիսաւոր հանգամանք ու մատուցին Արժանն ու Իրաւը Արժանաւորին:
Արժանաւորը` Պարգեւատրեալն է: Եւ այս առիթով` Նազարեան գերդաստանի Կարպիս Լեւոն Նազարեանը, որ յաճախ` իր Նուպար եւ Նազար եղբայրներու աջակցութեամբ կատարած է կրթական-մշակութային մեծանուն բազում բարերարութիւններ, ինչպէս` 1962-ին Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Կ. Նազարեան վարժարանի շէնքը եւ 1996-ին Հ.Հ. դեսպանատան համալիրը` Հ.Բ.Ը.Մ.-ի միջոցաւ: Այս առիթով, պատշաճ է հակիրճ ակնարկով մը ներկայացնել Կարպիս Նազարեանի գործունէութեան հիմնական գիծերը.-
ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ԱՒԱԳ ՎԵԹԵՐԱՆ ԱՆԴԱՄ Հ.Բ.Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏ. ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (Հ.Ե.Ը.)
Կարպիս Նազարեան 1936-էն ի վեր անդամ է Հ.Ե.Ը.-ի: 1950-ին Եգիպտոսի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յանձնաժողովի հրաւէրով նշանակուած է Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գանձապահի պաշտօնով մինչեւ 1973:
1943-ին անդամակցած է Հ.Բ.Ը. Միութեան: 1958-1972 տարիներուն վարած է Շրջանակային Յանձնաժողովի Գանձապահի պաշտօնը, իսկ 1973-1988 տարիներուն` Ատենապետի պաշտօնը: 1959-ին մաս կազմած է Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Ասպետներու համախմբումի հիմնադիր խմբակին:
ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԳՐԵՐ
- Շքանշան` Լիբանանի Կրթ. Նախարարութենէ, 15 Ապրիլ 1970:
- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին սրբատառ կոնդակ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ա. կարգի շքանշան Նազարեան երեք եղբայրներու (12 Հոկտեմբեր 1972):
- Հ.Բ.Ը. Միութեան «Բարերար Անդամ»ի վկայական եւ յատուկ գիր, ընդհանուր տնօրէն Մ. Հայկենցէն (27 Սեպտեմբեր 1978):
- Մեծարում իբրեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի պատուակալ ատենապետ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական ժողովի կողմէ (15 Փետրուար 1988):
- Լիբանանի նախագահ Ամին Ժըմայէլի կողմէ Լիբանանեան Սպայից Առաջին կարգի շքանշան (Chevalier De L’Ordre De CՌdre), ձեռամբ ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տիար Սամի Սոլհի (16 Հոկտեմբեր 1988):
- Շնորհակալական նամակ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէ` ձեռամբ Պրն. Գագիկ Յարութիւնեանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընդհանուր ժողովի պատուիրակութեան նախագահական այցելութեան առիթով կատարած $200,000 նուիրատուութեան համար (Հոկտեմբեր 1994), Երեւանի թանգարանի շինութեան մասնակցութեան համար:
- Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիր (1994):
- Սրբատառ կոնդակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, Նազարեան երեք եղբայրներուն (4 Մարտ 1996):
- Կիլիկիան Իշխանի շքանշան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի ձեռամբ (16 Հոկտեմբեր 1996):
- Հ.Բ.Ը. Միութենէն «Աւագ Վեթերան Անդամ»ի վկայական (11 Մայիս 1997):
- «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն «Նուիրատու Անդամ»ի վկայական (2002):
- «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի յատուկ գիր եւ յուշամետալ (2003):
- Սրբատառ կոնդակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, Դամասկոսի առաջնորդ` Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի ձեռամբ (13 Մարտ 2008):
Հոկտեմբեր 28, 2007-ին Պէյրութի Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը բացումը կատարուեցաւ
- «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան Սրահ»ի, նախաձեռնութեամբ եւ նուիրատուութեամբ Նազարեան ընտանիքին:*
*Կենսագրական գիծերը քաղուած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Յուշարար-Միութիւն» պաշտօնաթերթի Յունուար-Յուլիս 2010 (էջ 10-12) դիմաստուեր-յօդուածէն (Ա.Ս.):
ԿԱՐՊԻՍ Լ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Օգոստոս 1, 1996-ին, Կարպիս Լ. Նազարեան Հ.Բ.Ը. Միութեան մօտ իր անունով հիմնեց հրատարակչական Հիմնադրամ մը, իր ատենապետութեան ներքեւ գործող եռանդամ վարչութեամբ մը: Հիմնադիր կազմին կը մասնակցէին տիարք Հայկ Թիլպեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Արամ Սեփեթճեան: 15 Մայիս 1999-ին Հայկ Թիլպեանին վաղաժամ մահուան պատճառով կազմը համալրուեցաւ հրաւիրելով տիար Պարոյր Աղպաշեանը: Հիմնադրամին մեկնարկը 50,000 Ամրկ. Տոլար այժմ կրկնապատկուած գումարով կը ծառայէ հայ գրական-ստեղծագործական եւ պատմաբանասիրական միտքին:
ԿԱՐՊԻՍ Լ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1. Զարեհ Խրախունի, Քար Հայաստանի, Պէյրութ 1997:
2. Լեւոն Վարդան, Արեւմտահայութիւնը Տնտեսական Ճամբուն Վրայ, Պէյրութ, 1998:
3. Վաչէ Ղազարեան (խմբ.), Սիրակարօտ Հոգիներ (Սիւրմէլեան–Թէքէեան Փոխանակուած Նամակներ), Պէյրութ, 1998:
4. Գրիգոր Քէօսէեան (խմբ.), Շահան Շահնուր` Նամականի, Պէյրութ, 2001:
5. Ռոպերթ Ճեպեճեան (խմբ.), Գեղարդ, Զ. հատոր (արաբերէն), Հալէպ, 2002:
6. Մարգարիտ Խաչատրեան (խմբ.), Համաստեղ` Նամականի, Երեւան, 2003:
7. Էդուարդ Լ. Մելքոնեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատմութիւն, Երեւան, 2005:
8. Պարոյր Աղպաշեան, Արեւմտահայ Գրողներու Լեզուամտածողութիւնն Ու Բառապաշարային Շերտաւորումները, Պէյրութ, 2006:
9. Շահան Շահնուր, Շուրջը Ոչինչ, քերթուածներ, թրգմ. Սարգիս Վահագն, Պէյրութ, 2007:
10. Մօրուս Հասրաթեան, Յուշաբեկորներ, Արձակ Էջեր Եւ…, (խմբ. Երուանդ Հ. Քասունի), Պէյրութ 2007:
11. Սիլվա Կապուտիկեան Մեր Յուշերում եւ Խոհերում, (խմբ. Ազատ Եղիազարեան), Երեւան, 2008:
12. Պէպօ Սիմոնեան, Էջեր Եւ Նիւթեր Գրականութեան, Բ. հատոր, Պէյրութ, 2009:
13. Զաւէն Մսըրլեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հայկական Հարցը (1900-2009) [ակնարկ], Պէյրութ, 2010:
14. Յարութիւն Իսկահատեան, Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան, գիրք Ա., Պէյրութ 2010:
15. Յարութիւն Իսկահատեան, Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան, գիրք Բ., Պէյրութ, 2011:
16. Արմէն Դարեան, Մատեան Բանաւոր Խօսքի, (խմբ. եւ ծանօթագրեց Ժ. Դանիէլեան), Պէյրութ, 2012:
17. Արա Արծրունի, 5 Թատերգութիւններ, Պէյրութ, 2012:
* * *
Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններուն ազգանուէր բարերարութիւնները կը յարատեւեն ըստ համանուն մեծ գերդաստանի թողած աւանդութեան: Այժմ, Նազարեան զոյգին սկսած գործը կը շարունակուի իրենց որդիներուն` Լեւոնի եւ Արթիւրի իշխանական ա՛յլ նուիրատուութիւններով: Ճիշդ այնպէս` երբ Կարպիս, Նուպար եւ Նազար երեք եղբայրներ, հաւասարապէս տէր կը կանգնէին իրենց հօր` Լեւոն Կ. Նազարեան բարի տեսիլքներուն եւ արարումներուն, ու կը հիմնէին Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը (1962) որուն 50-ամեայ յոբելենական տարին է արդէն:
Կարպիս Լ. Նազարեան Հրատարակչական Հիմնադրամի հերթական իւրաքանչիւր խորհրդակցական հանդիպում, մեր եռանդամ վարչական խորհուրդին առիթ կ՛ընծայէ մօտէն հաղորդակցիլ ներքին հարստութեամբ առլի մեծ սիրտով այս Մարդուն հետ, որ կը զգայ ու կը մտածէ իր ազգին զաւակներուն համար: Մարդ մը, որ իր կեանքին իմաստը կը գտնէ կրթօջախներու հիմնումին եւ ազգային-եկեղեցական-միութենական (Հ.Բ.Ը.Մ.) գործունէութեան մէջ: Լուրջ, կիրթ եւ ընտիր մտածումներու հաղորդ բացառիկ անձնաւորութիւն մըն է ան, հաւատարիմ ժառանգորդը 500-ամեայ հարուստ աւանդութիւններով հանրածանօթ Նազարեան Տոհմին:
Իր կեանքին կենդանի օրինակով, ան կը խորհրդանշէ ներկայ հարիւրամեակը Հայ ժողովուրդի Պատմութեան:
Ցեղասպանութիւն` 2 միլիոն զոհ եւ տարագրութիւն, եւ հողային կորուստ:
Վերադարձ դէպի Կիլիկիա:
Հայաստանի Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ հանրապետութիւնները:
Սփիւռքահայութեան 90-ամեայ վերապրումի դարաշրջանը (1923-2013):
Աւագ վեթերան անդամ է Հ.Բ.Ը.Միութեան:
Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, իր ծննդեան տարեդարձն է որ կը նշէ: Կը սիրէ կարդալ ու կը գնահատէ Հայ Գիրի նուիրեալները անխտիր:
Մօտ է թուականը Ապրիլեան Ցեղասպանութեան դարադարձին` զոր պիտի նշենք ազգովին, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:
Նոյն ժամանակ, ունինք կենդանի վկան` ցարդ անպատժելի մնացած այս Ցեղասպանութեան:
Թող մեր խորաթափանց աչքերով դիտենք լուսանկարը հարիւրամեայ մեր մեծ վկային: Վստահ` որ հոն պիտի գտնենք դեռ չգրուած վէպը Հայոց մեծագոյն Եղեռնին, վի՛շտը հայ մարդուն, նոյնքան խոր` խինդն ու ժպիտը ամբողջական սփիւռքահայուն, զոր արտայայտեց ան հրապարակային իր «Շնորհակալ եմ» խտացեալ նախադասութեան ընդմէջէն, երբ իր լամբակին «կը շողար» լոյսը մեր քերթողահայը Մեծ Մովսէս Խորենացիին անուն շքանշանին վեհիմաստ պատգամին:
Ահաւասիկ Մարդը: Հայ Մարդ մը` լիիրաւ եւ լիարժէք իր կեանքով որ արժանացաւ Հայրենիքի Պետական Բարձր գնահատանքին:
Վարակիչ` իր անձնական օրինակով:
Իր կարգախօսը եղած է ու կը մնայ` ՍԷՐ-ՆՈՒԻՐՈՒՄ-ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ որ իբրեւ պատգամ կ՛ուղղէ զայն համայն հայ ժողովուրդին:
Եկէք, մենք եւս պատի՛ւ ընենք մեր Նահապետին որ մեզի հետ է այսօր, կ՛ապրի ու կ՛ոգեշնչէ մեզ, եւ իր աչքերը ուղղած ԱՆՀՈՒՆին, կը ստանայ անկէ Յաւերժին օրհնութիւնն ու պատգամը:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ