Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան ճամբուն վրայ» գիրքին շնորհահանդէսը` բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան բանախօսները եւ շնորհահանդէսին յայտագիրը:
Խօսք առաւ դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ բացատրեց «Գրականութեան ճամբուն վրայ» գիրքին կազմութեան հանգրուաններն ու բովանդակութիւնը: Ապա խօսք առաւ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ ներկաներուն հետ բաժնեց Պեպօ Սիմոնեանէն իր յուշերն ու տպաւորութիւնները: Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Պեպօ Սիմոնեան իւրայատուկ անձ մըն էր իր պարզութեամբ եւ միշտ հաւասարակշռուած մօտեցումով: Բաց հոգիով եւ հաղորդական մօտեցումով մարդ մըն էր Սիմոնեանը»:
Ապա խօսքը ուղղելով Պեպօ Սիմոնեանի կնոջ` Ազատուհի Սիմոնեանին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Իբրեւ մտաւորական եւ ուսուցիչ Ազատուհի Սիմոնեան տասնամեակներու ընթացքին ներկայ եղաւ Պեպօ Սիմոնեանի կողքին: Այս առիթով, երբ մենք կը յիշենք Պեպօ Սիմոնեանը, կը կարծեմ, որ լաւագոյն առիթն է անոր կողակից Ազատուհի Սիմոնեանը պարգեւատրելու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով»:
Ազատուհի Սիմոնեան ստանալէ ետք շքանշանը, Սիմոնեան ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք մը արտասանեց: