Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան ժամը 7:15-ին յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած չորրորդ պարագայ մը, որ սուրիացի է:
Հիւանդանոցին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ յայտարարուած առաջին երկու պարագաները, որոնք լիբանանցի կիներ են, տակաւին կը գտնուին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ եւ անոնց առողջական վիճակը կայուն է: Երրորդ պարագան, որուն մասին նախանցեալ օր յայտարարուած էր, տարեց իրանցի տղամարդ մըն է, որ դարձեալ առողջապահական մեկուսարանի մէջ կը գտնուի եւ հարկ եղած բժշկական միջոցառումներուն կ՛ենթարկուի, սակայն անոր առողջական վիճակը կայուն չէ:
Հիւանդանոցին հրապարակած երէկուան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 25 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնցմէ 16-ը կարիք ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Միւս կողմէ, նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 10 պարագաներ արդէն իսկ ուղղուեցան իրենց բնակարանները, ուր անոնք 14 օրուան ապաքինման պիտի ենթարկուին:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ կան 20 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնց արդիւնքները կը հաստատեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակ ունեցող երկիրներէն, այսինքն` Չինաստան, Իտալիա, Հարաւային Քորէա եւ Իրան, դէպի Լիբանան ճամբորդող քաղաքայիններուն մուտքը արգիլուած է, բացի այդ երկիրներէն եկող լիբանանցի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներու այն քաղաքայիններուն, որոնք Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած են:
Այս որոշումը (թիւ 104 որոշում) արդէն իսկ փոխանցուած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութեան, որ իր կարգին որոշումին մասին տեղեկացուցած է բոլոր օդանաւային ընկերութիւններուն:
Թիւ 104 որոշումին գործադրութիւնը ի զօրու կը մնայ ցնոր տնօրինում:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի բժշկական բաժանմունքի պատասխանատու Հասան Մալլահ յայտնեց, որ օդակայանին մէջ կայ Կարմիր Խաչի խմբակ մը, որ պատրաստ է անմիջապէս օդանաւին մէջ քննելու ճամբորդները, նախքան օդանաւէն անոնց դուրս գալը:
«Եթէ քննութիւններուն ընթացքին կասկածներ արձանագրուին, ապա հիւանդը օդակայանէն ուղղակի Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց կը փոխադրուի», ըսաւ Մալլահ` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած առողջապահական եւ բժշկական նախազգուշական միջոցառումները նման են բոլոր երկիրներուն որդեգրած քայլերուն:
Միւս կողմէ, կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մասնաայի սահմանէն Լիբանան մուտք գործել ուզած են 55 լիբանանցի ուսանողներ, որոնք Իրանէն ուղղուած են Դամասկոսի միջազգային օդակայան:
55 ուսանողները Մասնաայի սահմանին վրայ ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ արտերկրի մէջ գտնուող ոեւէ լիբանանցի իրաւունք ունի հայրենիք վերադառնալու: «Այս պարագային մենք ստիպուած ենք միջոցառումները խստացնել, եւ սահմաններուն վրայ բժշկական խիստ քայլեր կ՛որդեգրուին արդէն», ըսաւ ան: