Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նիստէն բացակայեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի:
Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին արծարծուելիք օրակարգին մանրամասնութիւնները:
«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ նախազգուշացման քայլերու շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը հաւանական նկատեց դպրոցներուն փակումը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ պիտի հրապարակէ որոշում մը, որուն մէջ պիտի տեղեկացնէ, թէ` Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները մէկ շաբթուան համար պիտի փակուի՞ն կամ ոչ:
Ան նշեց, որ մէկ շաբթուան փակելու պայմանաժամը կրնայ երկարաձգուիլ:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ այդ որոշումը պիտի տրուի առողջապահութեան նախարարին հետ համագործակցելէ ետք:
Դպրոցները Պիտի Փակուին
Բայց եւ այնպէս նախարար Մաժզուպ երէկ երեկոյեան արդէն յայտարարեց, որ այսօրուընէ` շաբաթ, 29 փետրուարէն սկսեալ, մէկ շաբթուան համար կրթական բոլոր հաստատութիւնները` մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական կարգեր, արհեստից վարժարաններ եւ համալսարաններ, փակ պիտի պահեն իրենց դռները:
Ան տեղեկացուց, որ մինչ այդ պիտի հետեւին առողջապահական զարգացումներուն եւ կիրակի, 8 մարտին համապատասխան որոշումը պիտի փոխանցեն` ապագայի գծով: Թարեք Մաժզուպ յոյս յայտնեց, որ բոլոր կողմերը կը համագործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ այս տագնապը բարւոք շրջանցել:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ, որ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումը պիտի քննուի յառաջիկայ նիստերուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ պիտի որդեգրուի նշանակումներու յատուկ գործիքակազմ մը, որ վաւերացուած է 2010-ին` կարգ մը բարեփոխումներու ենթարկելով:
Բարեփոխումները պիտի ճշդուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որ նշանակումներուն ընթացքին անհրաժեշտ պիտի նկատէ թափանցիկութիւնն ու առարկայականութիւնը:
Ապտել Սամատ նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնած է, թէ նախանցեալ օր Լիբանանի 4-րդ նաւթահորի պեղման մեկնարկը կատարելը Լիբանանի համար պատմական եղած է:
«Ան մաղթեց, որ այս իմաստով դրական արդիւնքներ կ՛արձանագրուին` ամրապնդելով երկրին տնտեսական ապագային վերաբերող լաւատեսութիւնը: Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ բնական կազ արտահանելու կարեւորութեան` ընդգծելով, որ անիկա իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման վրայ` նկատի ունենալով, որ կը համապատասխանէ ելեկտրակայաններու նոր ծրագիրին», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող առաջին նաւթահորին պեղումը դրական արդիւնքներ կ՛ապահովէ Լիբանանի համար, որովհետեւ մենք կարիքը ունինք լիբանանցիներուն յոյս ներշնչելու:
«Տիապ յայտնեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին հարցով տակաւին յստակ որոշում չէ տրուած` աւելցնելով, սակայն, որ այդ իմաստով յառաջիկայ շաբաթը պիտի ըլլայ վճռորոշ շաբաթ մը: Տիապ աւելցուց, որ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն վերաբերող հաւանական որոշումներու մասին բոլոր լուրերը անճիշդ են», ըսաւ ան: