ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Լիպիական «Այն» կայքը տեղեկացուց, որ Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրեց միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի Հուէյճի առաջարկը՝ ընդունելու 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ներկայիս, Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի: