ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ
ՄՆԱՅՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՃՈԽԱՆԱՅ
1 Փետրուար 2012-ին Դպրեվանքի տեսչութեան Դպրեվանքէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու կոչին ընդառաջեցին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ եւ արուեստասէրներ:
Յայտնենք, որ մնայուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք արուեստի նոր գործերով առաւել ճոխացնելու մեր հաւաքածոն, որ ժամանակագրական կարգով ցարդ հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.
- Աշոտ Թազեան, գեղաքանդակ` «Յիսուս»
- Տիգրան Տատրեան, գեղանկար` «Միջերկրականը»
- Հերի Գունտագճեան, ֆօթօնկար` (1) «Ծիծեռնակաբերդ», (2) «Հայկական եռագոյն դրօշակը Նիւ Եորքի ՄԱԿ–ի շէնքին դիմաց», (3) «Խորէն Ա. Վեհափառ Պիքֆայայի Ապրիլեան Յուշարձանին դիմաց», (4) «ազգէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Վեհափառներ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի ընթացքին», (5) «Գարեգին Ա. Վեհափառ իր մօր հետ», (6) «Արամ Ա. Վեհափառ», (7) Արամ Ա. Վեհափառ Պիքֆայայի Ապրիլեան Յուշարձանին դիմաց
- Ժիրայր Հատիտեան, գեղանկար` «Արդուզարդը»
- Ճոն Կէվհէրեան, գեղանկար` «Արձագանգներ»
- Գրիգոր Նորիկեան, գեղանկար` «Թափօր»
- Մանուկ Հոփալեան, քանդակ-նկար` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Հայ Այբուբենը»
- Ռոզվարդ Սիսեռեան, գեղանկար` (1) «Աշխարհի ստեղծագործութիւնը, թիւ 2», (2) «Անվերնագիր»
- Էտուարտ Բերդեան, գեղանկար` «Աղթամար» (Նուէր Դոկտ. Մովսէս Հերկելեանէ)
- Յովսէփ Գասպարեան, գեղանկար` «Դրոշմուած»
- Զօհրապ Քէշիշեան, գեղանկար` (1) «Երիտասարդ տղան», (2) ««մաստուն մարդը», (3) «Հովն ու ցորենը», (4) «Խաչը», (5) «Ես եմ լոյսը», (6) «Պարտէզին մէջ», (7) »Բարի լոյս», (8) «Լուսինը», (9) «Առաջին կինը», (10) «Ուսուցիչը»
- Զաւէն Խտըշեան, գեղաքանդակ` «Ս. Գրիգոր Նարեկացի»
- Վահրամ Աղազարեան, գեղաքանդակ` «Արդի խաչ»
- Հրաչ Այնթապլեան, գեղանկար` (1) «Սեւանի վանքը», (2) «Ծառին Շուրջ», (3) «Եղնիկը»
- Շահէ Տէր Պօղոսեան, գեղանկար` «Պեքայի համանուագ – Թիւ 3»
- Լէոնի Փիլարթ, գեղանկար` «Ազգի մը ճակատագիրը»
- Յարութիւն Ծ. Վրդ. Պզտիկեան, գեղանկար` «Խաչեցեալ Քրիստոս»
- Պասամ Պայտուն, գեղաքանդակ մը
- Գեղանկար` «Պիքֆայայի Դպրեվանքը» (Նուէր Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանէ)
- Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան, գեղանկար` «Արամ Ա. Կաթողիկոսի Դիմանկարը»
- Զարեհ Մութաֆեան, գեղանկար` “«Արագած մագլցող կիներ» (Նուէր հանգուցեալ արուեստագէտին զաւակներէն եւ ստացուած Արմէն Գլոտ Մութաֆեանէ)
- Անի Մարտիկեան, գեղանկար` «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի»
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Դպրեվանքի Տեսուչ` Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ, հեռաձայնելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն:
ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ
«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2012, սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի սաներ այցելեցին Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր անգին գանձեր մեր դարաւոր պատմութեան եւ մշակոյթին պատգամաբերը եղան:
Թանգարանի Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեանի առաջնորդութեամբ, սաներ գտնուեցան թանգարանի երեք յարկերը:
Դպրեվանեցիներ մեծ հետաքրքրութեամբ յատկապէս ունկնդրեցին պատմական սուրբ միւռոնի կաթսային Սիսէն Հալէպ եւ ապա Անթիլիաս փոխադրութեան պատմութիւնը:
Այս այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ, որ սաներ Հայ Դատի հետապնդման մէջ իրենց բերելիք մասնակցութեան նախանձախնդրութիւնը վերաթարմացնեն:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԱՐԶԱՍՐԱՀԸ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԾՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ
Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Դպրեվանքի մարզասրահը մարզական նոր եւ արդիական կազմածներով եւ մեքենաներով օժտուեցաւ, շնորհիւ Երեւանի Viva Cell-MTS Ընկերութեան Տնօրէն Տիար Ռալֆ Եիրիքեանի նուիրատուութեան:
Այս առթիւ Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ըսաւ. «Մեր սաներուն հոգեւոր, կրթական եւ ֆիզիքական համատեղ աճումը անհրաժեշտ է: Մանաւանդ երբ կը գտնուինք ձմեռուան սեմին, Դպրեվանքի մարզասրահին արդիականացումը հրամայական կը դառնայ. որովհետեւ տղաք չեն կրնար մարզանքի համար շէնքէն դուրս ելլել: Ահաւասիկ այս քայլով Դպրեվանքը եւս կ՛օգտուի Պարոն Եիրիքեան բազմաթիւ բարեսիրութիւններէն, որոնց ծանօթ է հայրենաբնակ եւ արտասահմանեան հայութիւնը եւ որուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը»: