Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի կողմէ պատրաստուած «Լռութիւն. հայը եւ հայկականը Վրաստանում» վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ վերջին 80 տարուան ընթացքին Վրաստանի ցուցաբերած վերաբերմունքը երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ: Հայերն ու ատրպէյճանցիները Վրաստանի մէջ ապրող համեմատաբար մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնները կը հանդիսանան: 1920ական թուականներէն վրացական իշխանութիւնները շարունակաբար կ՛ոչնչացնեն երկրի ոչ վրացական պաշտամունքային յուշարձանները:
Այս քաղաքականութեան զոհ գացած են մեծ թիւով յուշարձաններ, շուրջ 300 հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ վանքեր, գերեզմանոցներ եւ մզկիթներ:
Ժապաւէնին բեմադրիչն է Տիրան Կարապետեանը, երաժշտութիւնը՝ Այտին Տաւուտիի: