Հայ մամուլը վերջին օրերուն աւելի շեշտակի կ’անդրադառնայ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն: Պատճառները միանգամայն հասկնալի են: Սփիւռք եւ հայրենիք մեծ ակնկալութիւններ ունին նորընտիր նախագահէն: Արդար ակնկալութիւն:
Մեր ժողովուրդին ՝ կենսական մտահոգութիւններէն մէկը անկասկած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններու ճակատագիրն է: Ոչ ոք պատրաստ է հրաժարելու պատերազմի դաշտին վրայ նահատակներու արեամբ ձեռք բերուած անկախութիւնենէն: Ճիշդ այս օրերուն մօտաւորապէս քառորդ դար առաջ ծնունդ առած պայքարը, հազարաւոր նահատակներու շնորհիւ փառաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հռչակումով: Մենք՝ հայերս, Սփիւռք եւ հայրենիք պարտաւոր ենք զօրացնելու Ղարաբաղի նորանկախ հանրապետութիւնը: Տասնամեակներ շարունակ մաքառեցանք յանուն ազատ ինքնորոշման եւ մեր փայփայած անկախութեան, այսօր ժամանակն է գործնապէս ապացուցելու հողի ու հայրենիքի հանդէպ մեր սէրը: Այս ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կ’իյնայ Հայաստանի , Ղարաբաղի եւ համասփիւռքեան բոլոր կառոյցներու ուսերուն վրայ՝ ամրապնդելու ղարաբաղի սահմանագիծերուն հսկողութիւնը, զօրացնելու անոր բանակին կարողականութիւնները եւ բարելաւելու անոր բնակչութեան կենցաղային պայմանները, դիւրութիւններ ընծայել եւ քաջալերել որ ներգաղթողները տեղաւորուին Ղարաբաղի խոպան մնացած տարածութիւններուն վրայ: Այնպէս պահպանենք անոր հողը, որ դարձեալ կեր չդառնայ ազերի արիւնախանձ հորդաներուն:
Մեր ժողովուրդը խաղաղասէր ժողովուրդ է: Վրէժխնդրութեան զգացումը խորթ է մեր մշակոյթին: Եթէ կռուած ենք՝ ինքնապաշտպանութեան համար միայն: Եթէ ընդդիմացած ենք՝ գերութիւնը մերժելու համար միայն: Նախայարձակ եղած չենք երբեք: Յովհաննէս Շիրազի խօսքերով՝ խաղաղ եղած ենք մեր լեռներուն նման..: Խաղաղ նապրած ենք մեր լեռներուն նման, բայց մեր դրացիներէն ոմանք, այսօր եւս սեպ կը նկատեն մեր ներկայութիւնը աշխարհագրութեան այդ փոքր տարածութեան վրայ ու չեն դադրիր ատելութեան թոյն փոխանգելու հասնող սերունդներուն: Բարի դրացնութեան գաղափարը խորթ է անոնց: Օրինակներ չեն պակսիր ատելավառ այս մօտեցումը ապացուցելու:
Այս օրերուն համայն Ատրպէյճան լայնածաւալ արշաւ մը սկսած է ազերի գրող Աքրամ Այլիսլիի դէմ: Պատճա՞ռը, գրողը իր «Քարէ Երազներ» գիրքին մէջ կը նկարագրէ քսաներորդ դարու սկիզբը եւ 1988-90ականներուն, իր հարազատ ժողովուրդին ձեռամբ հայերու դէմ կատարուած վայրագութիւնները: Հեղինակը իր գիրքին մէջ կը դատապարտէ երկուստեք կատարած վայրագութիւնները, սակայն որոշ հատուածներու մէջ ան կը խոստովանի վայրագութիւնները ազերիներւ կողմէ հրահրուելու իրողութիւնը: Գիրքի աւարտին, Աքրամ Այլիսլի այն համոզումը կ’արտայայտէ, թէ հայ եւ ազերի ժողովուրդները կրնան ապրիլ իրարու հետ: Այլիսլի նաեւ այս գիրքին ընդմէջէն իր վիշտը կ’արտայայտէ իր ժողովուրդին համար, վկայակոչելով ժողովրդային տարբեր զանգուածներու այն հաստատումը, թէ անոնք կրնան ապրիլ հայերու հետ:
Ահա այստեղ է Աքրամ Այլիսլիի նման խիզախ մտաւորականներու սխալը: Քաղաքական մտքին խորթ են Աքրամններու նման մտածողութեան տէր անձիք: Իշխանութիւնները զինք անմիջապէս զրկած են բոլոր կոչումներէն, շքանշաններէն, կենսաթոշակէն: Իսկ Մուսավաթ կուսակցութիւնը հրահանգած է այրել Այլիսլիի գիրքը եւ նիւթական վարձատրութիւն խոստանալ այն անձին, որ կարենայ կտրել Այլիսլիի ականջը…: Որեւէ տարբերութիւն կա՞յ արդեօք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի նախօրէին, համայնավարական գրականութեան եւ համայնավար գործիչներու դէմ Ճոզէֆ Կէօպելսի նման ստակի մը ձեռնարկած լայնածիր արշաւանքին միջեւ: Նմանօրինակ վիժանքներ անմիջապէս կը կուրանան կարճատեւ յաղթանակներով, առանց գիտակցելու, որ դիւրաւ կրնան փճացնել թուղթը, բայց միտքը՝ ոչ: Ատրպէյճանի նախագահական պալատի խօսնակը ժողովուրդի դաւաճան կ’անուանէ Այլիսլին, զուգահեռներ դնելով անոր եւ Օրհան Պամուքի միջեւ.« Օրհան Փամուք ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ, բայց կորսնցուց իր հայրենիքը: Այլիսլի կը կրկնէ Պամուքի օրինակը». կ’եզրակացնէ նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը:
Դժբախտաբար Հայաստանի մտաւորականութիւնը Այլիսլիի յանդգնութիւնը գնահատող ոչ մէկ զօրակցական արտայայտութիւն կամ կեցուածք դրսեւորած է առ այսօր: Մինչդեռ, Թուրքիոյ մէջ, հայ եւ թուրք մտաւորականներ իրենց ցասումը արտայայտեցին եւ դատապարտեցին անոր դէմ կատարուող անիրաւութիւնները:
Ատրպէյճանի այսօրուան իշխանութիւնները կէոպելսեան ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան ժառանգորդները կարծես ըլլան: Հայատեաց այս մոլուցքով, անոնք կը փորձեն սերունդներուն համոզել հայ եւ ազերի ժողովուրդներու անհամատեղելիութիւնը: Ցեղապաշտական դաստիարակութեան դէմ պայքարը մեզի կը մղէ առաւել ամուր յարիլ հայրենիքին եւ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի նորանկախ հանրապետութիւնը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ