ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՂ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ՝
(Հեղինակ՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը գործի մղեց հայաշխարհը. «Կը յիշեմ»ն ու «Կը պահանջեմ»ը կը լսուին համաչափ հնչեղութեամբ, եւ համապատասխան արձագանգներ կը գտնեն քաղաքական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Կը հարստանան մանաւանդ Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերու դարանները. լոյս աշխարհ կը բերուին պատմական ոճիրին ծալքերը, սակայն նաեւ դժոխային պայմաններէ փրկուած հայութեան վերականգնումի երթը, որ ենթահող կը ծառայէ մեր պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին: Այս ծիրին մէջ, 2015ի Ապրիլի սեմին, Քանատայի մէջ լոյս տեսան բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի գրիչէն ծնունդ առած երկու հատորներ, զորս կարել է կոչել երկուորեակներ. «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն»: Այս հատորներուն լոյս ընծայումը կը պարտինք գեղեցիկ գործակցութեան մը, որ ստեղծուած է Քանատայի Թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան միջեւ. հեղինակը ունեցած է նաեւ աշխատակցութիւնը երկու ազնիւ մտաւորականներու՝ մամուլի սպասարկու Վրէժ Արմէն Արթինեանի եւ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի:
Երկու հատորները մեր շրջանի հայութեան ներկայացնելու համար, Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանը Հինգշաբթի, 21 Մայիսի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կը կազմակերպէ ողջունահանդէս մը, հովանաւորութեամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ գործակցութեամբ «Ասպարէզ»ի խմ-բագրութեան ու Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան: Գիրքերուն ներկայացումը պիտի կատարէ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Խաժակ Տիքիճեան, իսկ հեղինակին ներկայացումը պիտի կատարէ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեան: Նախատեսուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Սփիւռքահայ ընթերցողին համար, ծանօթ անուն է տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, որ տասնամեակներէ ի վեր մեր թերթերու էջերուն կը ստորագրէ բժշկագիտական յօդուածներ, լուսաբանութիւններ կու տայ ընթացիկ եւ հազուադէպ հիւանդութիւններու մասին, կը թելադրէ կանխամիջոցներ: Ան զուգահեռաբար նաեւ տասնամեակներու բեղուն վաստակ ունի ազգային կեանքին մէջ, մասնաւորաբար՝ Լիբանան, կատարած է շարք մը ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ. անոր վաստակին այս երեսը նուազ յաճախակիութեամբ տեսնուած է ընթերցողին կողմէ, հետեւաբար, շնորհահանդէսը հիմնականին մէջ պիտի ծառայէ մտաւորական մարդուն ու վաստակին ծանօթացման:
Երկու հատորներուն բովանդակութեան մէկ բաժինը բոլորովին նորութիւն չէ, այլ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ են, լոյս տեսած՝ Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Քանատայի մեր պարբերական մամուլին մէջ: Այս հատորները ունին կրկնակի առաքելութիւն. նախ՝ մամուլի էջերուն մնալու վիճակէ փրկելու կը ծառայեն արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները, երկրորդ՝ նպաստ կը բերեն մեր Դատին ծանօթացման, ի յայտ բերելու անծանօթ կամ քիչ ծանօթ ծալքեր, մանաւանդ այս հանգրուանին, երբ կը նշենք Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ կ՛ապրինք մեր վերապրումին հպարտանքը:
Քանի մը խօսք՝ իւրաքանչիւր հատորի բովանդակութեան մասին, սակայն այս տողերը պէտք չէ ընկալել իբրեւ գրախօսական, այլ թելադրանք՝ ձեռք բերելու հատորները եւ անձամբ ծանօթանալու բովանդակութեան: Այս տողերը նաեւ հակիրճ բացատրութիւն են, թէ հատորները ի՞նչ կապ ունին 100ամեակին հետ: Փաստօրէն, ընթերցողը հոն պիտի գտնէ Ցեղասպանութեան տխուր իրականութիւններուն յիշատակումը, բայց նաեւ յաջորդ 100 տարիներու ընթացքին հայութեան վերականգնումը վկայող էջեր:
Երկու հատորներուն յառաջաբանը գրած է Քանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպսկ. Բարիքեան: Հեղինակը ունի նախաբաններ, որոնք հակիրճ բացատրականներ են հատորներուն բովանդակութեան ու կազմութեան մասին:
«Խաչելութեան Ճանապարհը» կը բովանդակէ 6 ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն Ցեղասպանութեան կարգ մը մութ ծալքերուն վրայ. հեղինակը սեղմ ծանօթութիւններ հաւաքագրած է այն թուրք բժիշկներուն մասին, որոնք դրժելով իրենց ուխտը, սպանդին մասնակից եղած են. կը հետեւի Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ բժիշկներու եւ դեղագործներու մասին յօդուած մը. յաջորդ երկուքը՝ Ցեղասպանութեան զոհ հայ մանուկներուն եւ որբերուն ողբերգութեան կը վերաբերին, իսկ վերջին երկուքը կը ներկայացնեն Ղազիրի հռչակաւոր գորգին պատմութիւնն ու Միջին Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցին երախտաշատ աշխատանքը:
«Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորը իբրեւ կեդրոնական նիւթ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմականը, հիմնականին մէջ Սիսի կաթողիկոսութեան խափանումն ու Անթիլիասի մէջ վերընձիւղումը: Մեծ մասամբ վերջին տարուան ընթացքին կազմուած գլուխներէն առաջինը կը սկսի կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ մէջ հաստատման եւ երկու կաթողիկոսութեանց վիճակին պատմականով (15րդ դար): Հեղինակը այնուհետեւ կը ներկայացնէ Անթիլիասի մէջ գործած եւ գործող վեհափառ հայրապետներուն հակիրճ պատմութիւնը, հպանցիկ ակնարկութիւններ ընելով հայկական աշխարհն ու Միջին Արեւելքը յուզող պատմակշիռ դէպքերուն: Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածներուն վերատիրացման համար Ապրիլի վերջերուն Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը յաւելեալ խորք մը կու տայ այս հատորին:
Հատորին նախավերջին գլուխը այլապէս շահեկան է, որովհետեւ ընթերցողը հոն սպառիչ ծանօթութիւններ պիտի գտնէ կաթողիկոսութեան կառոյցին ու անոր հովանիին տակ գործող ազգային հաստատութեանց մասին, իսկ վերջին գլուխը, նոյնքան շահեկան, կ՛անդրադառնայ Ազգային Սահմանադրութեան արարման եւ մեր ազգային կեանքին մէջ անոր ցարդ ունեցած դերակատարութեան:
Անկախ իրենց բովանդակութեան արժէքէն, երկու հատորները ունին նուազ նշմարելի, սակայն նոյնքան կարեւոր արժէք մը. արդարեւ, հեղինակը իւրաքանչիւր հատորի վերջաւորութեան տեղադրած է ցանկը օգտագործուած աղբիւներուն, որոնք կը տարածուին երկու էջերու վրայ… ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, որ բժիշկ Կ. Հարպոյեան իր նիւթերը հաւաքելու համար օգտագործած է մեր մամուլին մէջ տեղ գտած յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ եւ պատմական արժէքով հատորներ, անուղղակի կերպով դիւրացնելով գործը այն ուսումնասիրողին, որ պիտի ուզէ աւելի ծաւալուն ու խորաթափանց հետազօտութիւններ կատարել այս իրականութիւններուն մասին:
Երկու հատորներուն մէջ տեղ գտած նիւթերը, անոնք ըլլան անցեալի յօդուածներ թէ նոր խմբագրուած բաժիններ, վերստին խմբագրուած են այս հատորին կազմութեան հանգրուանին: Անոնք ցոյց կու տան իւրաքանչիւր գլուխի աւարտին արձանագրուած նշումները, նաեւ վկայութիւն են հեղինակին բծախնդրութեան:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, որ ներկայիս Քանատա կը բնակի, այսպէսով երախտաշատ ներդրում մը կատարած է Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման հայկական նախաձեռնութիւններու աւազանին մէջ: Ան անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ ողջունահանդէսին, մակագրելու համար հատորները: