ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Գործն է անմահ, լաւ իմացէք,
Որ մնում է դարէդար»:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017ին, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյա առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» վեհաշուք սրահին մէջ, Լոս Անճելոսի հայութիւնը Վարդգէս Պետրոսեանի անունին եւ վաստակին վայել հոյակապ ձեռնարկով մը նշեց հայ գրականութեան անթառամ փառքերէն, Հայաստանի գրողներու միութեան արժանաւոր եւ վաստակաշատ երբեմնի նախագահ, թերթերու խմբագիր, բազմաթիւ գիրքերու, առաջնորդող յօդուածներու հեղինակ, հասարակական բազմաբեղուն գործիչ՝ ողբացեալ Վարդգէս Պետրոսեանի ծննդեան 85ամեակը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քալիֆորնիոյ գրողներու միութեան անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ միութեան ատենապետ, մեծանուն գրող, գաղութիս հանրածանօթ «Սիփան» երգչախումբի հիմնադիր եւ 40 տարիներու խմբավար՝ մաէսթրօ Հենրիկ Անասեանի:
Այս յիշարժան ձեռնարկը կը վայելէր թեմիս գրասէր, մտաւորական առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը եւ օրհնաբեր ներկայութիւնը:
Այդ գիշեր, Լոս Անճելըսի մտաւորականութիւնը ու մանաւանդ հայրենածին գրողներու հոծ բազմութիւն մը ողողած էր «Արմէն Համբար» սրահը եւ անոր յարակից մասնաբաժինները:
Այս գրութեամբ նպատակ չունինք մանրամասնութեամբ նկարագրելու միտքը հարստացնող եւ Վարդգէս Պետրոսեանի քաղցր յիշատակներով հոգիներ արբեցնող՝ այդ ձեռնարկին մասին: Արդէն ներկաները, որոնք ֆիզիքապէս սրահն էին, մտքով եւ մտածումներով Վարդգէս Պետրոսեանի յիշատակներով տարուած էին:
Ամէն ինչ հոյակապ էր. հանդիսավար Հենրիկ Անասեան համով-հոտով մէջբերումներով համեմեց ձեռնարկը: Գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեան, որ սքանչելի ելոյթով ներկայացուց Պետրոսեան մարդը, գրողը, հասարակական գործիչը եւ հայրենասէր քաղաքացին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական սքանչելի յայտագիր մը՝ երգի, ընթերցումի եւ յուշերու պատումով: Սրբազան հօր փակման սրտաշարժ խօսքը եւ Պետրոսեանի այրիին՝ Սոնա Տիգրանեանի շնորհակալական խօսքերը պարզապէս հոգեխռով էին:
Այդ գիշեր, ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան յիշեցի Վարդգէս Պետրոսեանի գրականութենէն հատորները, որոնց բազմաթիւ օրեր եւ ժամեր տրամադրած եմ զանոնք յափշտակութեամբ կարդալով. «Վերջին Ուսուցիչը», «Ապրած Եւ չապրուած Տարիներ», «Կրակէ Շապիկը», «Մենաւոր Ընկուզենին», «Հայկական Էսքիզներ» Եւ «Գարուն» գրական ամսաթերթի թիւերը:
Պետրոսեանի լեզուն հեզասահ, պատկերաւոր, տրամախօսակցական հաճելի եւ հարուստ զրուցատրութիւններով լեցուն, մեղրահամ հայերէն մըն է՝ ճոխ բառապաշարով:
Յաճախ նոյն պարբերութիւնը քանի մը անգամ կը կարդայի, նոյնքան հաճոյք եւ բաւարարութիւն ստանալով:
Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ Վարդգէս Պետրոսեանին անձամբ ծանօթացայ, երբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայաստանի շրջանի ատենապետի հանգամանքով Լոս Անճելըս կ՛այցելէր: Հոն էր, որ ճանչցայ միսէ եւ ոսկորէ շինուած բարեկիրթ գործիչը, Ազգային ժողովի անդամ Վարդգէս Համազասպի Պետրոսեանը: Անոր մէջ կեանք կար, ազնիւ հայրենասէր մըն էր, երգելու գեղեցիկ ձայնով օժտուած:
Այդ օրերուն ամէն տեղ կը խօսուէր, թէ ինչպէս գրող Վարդգէս Պետրոսեան համարձակած էր նախագահ Կորպաչեւին հետ վիճաբանութիւն ունենալ, երբ Ատրպէյճանի կողմէ Սումկայթի հայաջինջ արարքը՝ Վարդգէս Պետրոսեան Կորպաչեւին կը ներկայացնէր որպէս «ազգի մը ցեղասպանութիւնը»: Իսկ Կորպաչեւ սինիքաբար համաձայն չէր այդ բնորոշումին:
Վարդգէս Պետրոսեան ծնած էր 9 Օգոստոս 1932ին, Աշտարակի մէջ: 1954ին աւարտած էր Երեւանի համալսարանը եւ սկսած գրել երիտասարդ տարիքէն: Ընդարձակածաւալ վաստակ մը ունէր, երբ Ապրիլ 15, 1994ին 61 տարեկան հասակին, տան շեմին առաջ կը սպանուէր այս մտաւորականը, գրողը, ցարդ չբացայայտուած պատճառով:
Հայաստանի իշխանութիւնը 2000 թուականին, Երեւանի 51րդ դպրոցը կ՛անուանակոչէ Վարդգէս Պետրոսեան վարժարան անունով: Կ՛ըսեն, թէ «Արեւը մաղով չեն կրնար ծածկել»: Վարդգէս Պետրոսեան 61 տարեկան հասակին արդէն արեւափայլ անձնաւորութիւն մըն էր, իր հեղինակաւոր ներկայութեամբ, ծանրակշիռ խօսքով, ջերմ եւ անսակարկ հայրենասիրութեամբ, արդէն վայելած էր եւ մինչեւ հիմա իր գործը կը վայելէ մեծ յարգանք եւ հետաքրքրութիւն:
Անոր բազմաթիւ եւ բազմաժանր գրական վաստակը յաճախ բազմահարիւր հազարաւոր օրինակներով հրատարակուած են ողջ Սովետական Միութեան մէջ, որուն պատճառաւ էր որ արժանացաւ հայրենիքի եւ Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն շքանշաններու:
Այո, Վարդգէս Պետրոսեան իր մշտակենդան յիշատակով եւ մանաւանդ իր գրական եւ հասարակական վիթխարի վաստակով յաւերժ պիտի ապրի իր ժողովուրդի միտքին եւ յիշողութեան մէջ: Անոր 70, 75, 80 եւ 85 ամեայ տարեդարձներուն նման, իր ժողովուրդը պիտի շարունակէ յիշել եւ նշել անոր տարեդարձները, որովհետեւ Պետրոսեանները չեն սպաննուիր, չեն մեռնիր, անոնք իրենց գործով եւ ապրած օրերով անմահ են, իրենց ժողովուրդին եւ իրենց պաշտելի հայրենիքին նման:
Շնորհակալութիւն Քալիֆորնիոյ գրողներու միութեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին՝ մեզի պարգեւած գրական այդ հոգելից երեկոյին համար: