Հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան, կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին, Արցախի մշակութային շաբթուան ծիրին մէջ, 14 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 17 գեղանկարիչներու գործերու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը:
Ցուցահանդէսը որ, կ՛երկարէր 11-էն 14 մարտ 2014, կ՛ընդգրկէր արցախցի 17 գեղանկարիչներու պատկանող 67 պատկերներ, որոնք շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին արդէն գնուած էին մշակութասէր ներկաներուն կողմէ:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին յաջորդեց, կրկին նոյն ծիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու կալա համերգը:
Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին անունով համերգին բացումը կատարեց Մելքոն Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ սրահը լեցնող հոգեւորականներուն ու ներկաներուն, իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անցնող տարիներուն «Արցախ ֆոնտ»-ը իր օժանդակութիւններուն եւ ներդրումային ծրագիրներուն կողքին, փորձեց Արցախի ժողովուրդին հետ կամրջումը պահել հաստատ հիմերու վրայ, ինչ որ կարեւոր հանգամանք է այս կենսական գործի շարունակականութեան համար, իսկ նոյն նպատակը կը հետապնդուի Լիբանանի մէջ Արցախեան մշակոյթի շաբթուան կազմակերպումով:
Մելքոն Յակոբեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարներուն, մշակութային շաբթուան մասնակից գեղանկարիչներուն, պատանի եւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն, բոլոր ներկաներուն եւ անոնց, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:
Աւարտին խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ վեր առաւ եւ արժեւորեց Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու կատարած աշխատանքը` թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ աշխարհի մէջ մշակոյթի մարզին մէջ կատարած իրենց ներդրումին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան եւ մանաւանդ «Արցախ ֆոնտ»-ին` Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Յովհաննիսեան առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին կատարած աշխատանքին, ֆոնտի ատենապետ Մելքոն Յակոբեանին յանձնեց յուշանուէր մը: