Կազմակերպութեամբ ՀԲԸ Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն 25-ամեակին: Երեկոյեան, բանախօսելու համար հրաւիրուած էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որուն կ՛ընկերանար հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան:
«Ահրամճեան» կեդրոնի նոյնանուն սրահին մէջ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸ Միութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց «Խօսնակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Անժել Միսիսեան:
Ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը հարուստ է յաղթանակներու հպարտառիթ դրուագներով, սակայն ունի նաեւ թուականներ ու դէպքեր, որոնք կարծես թէ «դամբանի մրուրով» գրուած ըլլան»: Ապա ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «70 տարի շարունակ մեր ժողովուրդը իր ցաւը կրծելով տոկաց «եղբայրաբար» զինք կառավարող դրացիին բռնութիւններուն, ազգային, ընկերային ու քաղաքական ճնշումներուն, Արցախ աշխարհը հայաթափելու անոր ճիգերուն, Արցախը դիմազրկելու ու թաթարացնելու բոլոր թաքուն թէ բացայայտ ճիգերուն. բայց արցախահայու հոգիին ու սիրտին մէջ երբեք չմեռաւ ազատ ապրելու, ազատօրէն ինքնորոշուելու ձգտումը»:
Բացման խօսքին յաջորդեց լիբանանահայ երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանի երգը` «Գետաշէն»-ը: Ապա, հանդիսավար Ա. Միսիսեան հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը` բանախօսելու:
Դեսպան Քոչարեան երեսուն վայրկեաններու ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Ազրպէյճանի ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկայիս ունեցած քաղաքական անյագ ախորժակներուն, եւ տարիներու ընթացքին անոր կատարած ճնշումներուն, Սումկայիթի, Պաքուի ու Կիրովապատի մէջ կատարած անմարդկային արարքներուն, ոճրագործութեանց ու նամանաւանդ Սումկայիթի մէջ ազրպէյճանական վոհմակներու իրագործած ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր անմեղ հայ քաղաքացիներ` զարգացած ու լուսաւոր սա դարուն, ու Խորհրդային Միութեան այդ օրուան պայմաններուն եւ կորպաչովեան որձեւէգ ու կողմնակալ քաղաքական շիլ ղեկավարութեան ներքեւ:
Դեսպան Քոչարեան իր բանախօսութեան ընթացքին ընդհանրապէս շեշտեց կարեւորութիւնը արցախեան շարժման, որուն արդիւնքով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները դարձան միասնական ու միակամ եւ շրջեցին պատմութեան էջը, որուն բախտորոշ արդիւնքով Լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութիւնը տէր կանգնեցաւ իր ինքնութեան, հողին ու արժանապատուութեան, եւ վերջնականօրէն «Ո՛չ» ըսաւ ազրպէյճանական լուծին` ընտրելով իր ընթանալիք խաղաղ ճանապարհը:
Դեսպանը իր բանախօսութիւնը շարունակեց դիպաշարի տպաւորութեան մը նման, թուելով վերջին ամեակներու հայ-ազրպէյճանական ամբողջ պատմութիւնը, քաղաքական անցուդարձերը, տեղի ունեցած բոլոր դէպքերը, ուր զարմանքով ծանրացաւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ոճրագործներ ու վոհմակներ արդարացնելու եւ հերոսացնելու «կացինեան քաղաքականութեան» վրայ, որ դժբախտաբար մինչեւ օրս դեռ անհրաժեշտ չափանիշով չէ գնահատուած միջազգային ընտանիքի կողմէ…
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան, իր խօսքի աւարտին կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք անկեղծ գործակցութիւնը, այդ գործակցութեան տուած դրական արգասիքները եւ բարձր գնահատեց Արցախի բնակչութեան անկոտրում կամքը, որուն շնորհիւ այսօր կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի Արցախ աշխարհը` ազատ ու անկախ, ուղղակիօրէն կապ հաստատելով մայր հայրենիքի հետ, այսպիսով իրագործած ըլլալով իր դարերու երազը:
Բանախօսութեան աւարտին «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին յանձնեց խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած յուշատախտակ մը` շնորհակալութեան ու երախտիքի նշան, դեսպանին ներկայացուցած դասախօսութեան համար:
Յետ բանախօսութեան շարունակուեցաւ յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիրը. նախ հանդէս եկաւ երիտասարդ դերասան Արփի Գարամանլեան, որ մեծ ապրումով ու ներշնչումով ասմունքեց Սումկայիթի նուիրուած եւ առաջին անգամ հնչող բանաստեղծութիւն մը:
Ապա, կրկին անգամ բեմ բարձրացաւ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, որ երգեց «Արեւաշող իմ Հայաստան» երգը, որուն դաշնակի վրայ ընկերացաւ դաշնակահար Նանօր Մաճառեան:
Նժդեհ Պոտրումեանի երգին յաջորդեց Նանօր Մաճառեանի երգն ու նուագը. ան մեկնաբանեց «Երազ իմ երկիր, հայրենի» երգը:
Այնուհետեւ ներկաները առիթը ունեցան դիտելու Սումկայիթի նուիրուած յատուկ տեսերիզ մը, ուր 15 վայրկեաններու վրայ երեւաց ազրպէյճանական շնային ու գայլային կենցաղը, կողոպուտն ու ջարդը` ամէն մանրամասնութեամբ:
Յետ տեսերիզի ցուցադրութեան, ձեռնադաշնակի եւ շեփորի վրայ հանդէս եկան երաժիշտներ` Շահէ Պապահէքեանն ու Սարգիս Թոփալեանը, որոնք նուագեցին երեք ծանօթ երգեր` «Անտառում»-ը, «Ձայն մը հնչեց»-ը եւ «Արեւ ելաւ զէյթունցիներ»-ը:
Երեկոն վերջ գտաւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի շնորհակալական խօսքով: