Աշխարհահռչակ երգիչ , Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուրը կ’երազէ այցելել Թուրքիա, եթէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով գտնուի քաղաքական լուծում: Այս մասին Ազնաւուրը յայտարարած է զուիցերիական «La Liberté» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ:
–Դուք խաղացած էք Ատոմ Էկոեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ Հայաստանի պատմութեան եւ 1915թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի տուրք մըն է: Կրնա՞յ նման ֆիլմը ճնշում գործադրել Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ:
Ոչ, ոչ: Ոչ մէկ ճնշում: թուրքերը կը ճնշեն, որպէսզի չստեղծուին նման ֆիլմեր, գիրքեր չհրատարակուին, որպէսզի թերթերու մէջ յօդուածները գրաքաննութեան ենթարկուին: Հայերս ոչ ուժ, ոչ միջոցներ ունինք ճնշում գործադրելու համար:
–Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան դադարեցման յոյս ունի՞ք:
Յոյս չէ, այլ լաւատեսութիւն : Կարելի է սպասել, որ ինչ-որ բան տեղի կ’ունենայ: Ես չէի ըսեր ցեղասպանութեան լիովին ճանաչման մասին, այլ ժեստերու մասին, այնպիսի ժեստեր, որը վերջերս կատարուեցաւ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ Ալճերիոյ մէջ: Տուեալ պահուն ոչ մէկ նշան այդ ուղղութեամբ չերեւար: Սակայն ես կը հաւատամ, որ մենք պիտի հասնինք արդիւնքի: Յատկապէս քիւրտ նախարարի հետ տեղի ունեցածէն ետք, երբ ան ներողութիւն խնդրեց հայերէն:
-Բոլորը կը սպասեն քաղաքական կարգաւորման: Դուք ի՞նչ կ’ընէք, եթէ նման բան մը պատահի:
Իմ երազանքն է այցելել Թուրքիա: Ես ոչ մէկ գէշ բան չեմ ըսած թուրքերու մասին, բայց քանի որ ես կը խօսիմ Ցեղասպանութեան մասին, քոյրս եւ իմ ընկերներս ինծի խորհուրդ կու տան չայցելել այնտեղ, ուր զիս կրնան սպաննել: Քոյրս նոյնիսկ ըսաւ, որ եթէ իմ վրայ կրակէ ոչ թուրքը, ապա կրնայ հայ մը կրակել: Իսկ եթէ աւելի լուրջ խօսինք, իմ թուրք ընկերները զիս հրաւիրած են Թուրքիա, երկար տարիներ առաջարկած են հանդէս գալ այդ երկրին մէջ: Եթէ թուրքերը համաձայնին բանալ սահմանները, այդ ժամանակ ես կ’այցելեմ, եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան հարցը լուծուած չըլլայ: Սահմաններու բացումը շատ հարցերու մէջ հանգստութիւն կը բերէ: Ես գիտեմ միայն Իսթանպուլը՝ հրաշալի քաղաք, ուր ես երգած եմ, երբ տակաւին նոր սկսած էի ասպարէզիս: Այդ ժամանակ անոնք չէին նկատած, որ ես հայ եմ:
-Կը բարելաւու՞ի իրավիճակը Ձեր երկրին՝ Հայաստանի մէջ:
Ոչ այնքան: Անհրաժեշտ է, որպէսզի սահմանները բացուին: Բայց նաեւ անհրաժեշտ է, որպէսզի հայերը զօրաւոր ըլլան «գռփողներ» ու առջեւ, որոնք կը ստիպեն մարդոց աժան գինով վաճառել այն քիչը, որ ունին եւ աշխատիլ ստրուկներու նման: Հայաստանը մշակոյթի երկիր է, որը, ցաւօք, քիչ ծանօթ է: Ան բաց է զբօսաշրջութեան համար: Ես կոչ կ’ընեմ զուիցերիացիներուն այցելելու Հայաստան: Անոնք լաւ ընդունելութիւն պիտի գտնեն, լաւ կ’ուտեն ու կը խմեն: Ալ ին՞չ մնաց:
Հայաստանի մէջ խոհանոցը շատ կարեւոր է: Մենք միշտ կը հանդիպինք սեղանի շուրջ: Նոյնիսկ եթէ մենք ոչինչ չունինք, սեղանը լեցուն է, զարմանալի է: Սա իսկապէս հայկական մշակոյթի մէկ մասն է: