Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի ձեռնարկ մը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Շուրջ 200 փոքրիկներ համախմբուած էին իրենց ծնողներուն հետ` մասնակցելու համար Կաղանդ պապուկի ձեռնարկին:
Տիկնանց յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Սոնա Չէօլմեքեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ այս տօնակատարութեան նպատակն է շրջանի փոքրերը համախմբել միասնաբար եւ ուրախութեամբ դիմաւորելու Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ տրամադրած էր փոքրիկներուն նուէրները: Ան նշեց, որ բոլորին օժանդակութեամբ այս ձեռնարկը իրականութիւն դարձաւ:
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը, որ խաղերով, երգով ու պարով հաճելի եւ դաստիարակիչ պահեր ստեղծեց մանուկներուն համար: Աւարտին Կաղանդ պապուկին ժամանումը եւ նուէրներու բաշխումը տօնակատարութիւնը հասցուց խանդավառութեան գագաթնակէտին:
Հաւաքական ճիգերով պատրաստուած այս տօնակատարութիւնը լաւապէս կ’արտացոլացնէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բնակարաններու շրջանին մէջ գործող տիկնանց յանձնախումբին կամաւոր աշխատանքը եւ նուիրումը: