Կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուած ջանքերն ու խորհրդակցութիւնները քաջալերելու իմաստով երէկ առաւօտեան յաւելեալ 24 ժամ ճշդուեցաւ, երբ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ Պաապտա կատարելիք իր այցելութիւնը յետաձգեց այսօրուան:
Տեղեկատուական աղբիւրներ նշեցին, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան արտաքին բաժանմունքի պետ Պեռնար Էմիէ շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցած է, եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան յաւելեալ 24 ժամ տրուած է` ամբողջացնելու կառավարութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ որոշ լուծումի:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Այն Թինէի մէջ նաեւ բանակցութիւններ կատարուեցան` լուծելու կազմութեան թնճուկը:
Այս ճիգերուն միացաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որպէսզի շիի համայնքի զոյգ ներկայացուցիչներուն հետ ճիգեր ի գործ դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւններու ընթացքը:
Նախագահական պալատի աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախարարութիւններու հերթափոխութեան ընդհանուր գաղափարին համաձայն է` պայմանով, որ այդ մասին քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աունի կողմէ երեսփոխանական պլոքներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը կը հաստատէ, որ պլոքները կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհեն, որովհետեւ պիտի չընդունին, որ Ատիպ առանձինն նշանակէ նախարարները:
Վստահելի աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջարկած է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը տրուի յոյն ուղղափառ համայնքին, ելեւմուտքի նախարարութիւնը` սիւննի համայնքին, իսկ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները` շիի համայնքին:
Երէկ յետմիջօրէին Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահութիւնը հաստատեց, որ տակաւին առիթ կայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, բայց եւ այնպէս ցաւ կը յայտնէ, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները նախագահ Մաքրոնին տուած իրենց խոստումին յանձնառու չմնացին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած գրառումի մը մէջ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կամ բոլոր նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին մենաշնորհը չեն:
Ան հաստատեց, որ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մերժումը կը ձախողցնէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը եւ կը հարուածէ Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկելու վերջին առիթը:
Հարիրիի կեցուածքէն յստակ էր, որ այս անգամ ան պիտի չզիջի նախարարութիւններու հերթափոխութենէն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ոմանք չեն փափաքիր ըմբռնել, թէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը Լիբանանը փրկելու եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգը ջնջելու վերջին առիթն է:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ եթէ Ատիպ հրաժարի, եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան Ա. փուլը ձախողի, ապա ֆրանսական նոր ծրագիր մը պիտի գործադրուի: «Մենք կը գտնուինք անկիւնադարձային 24 ժամուան առջեւ», ըսաւ Ապի Ռամիա: