Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 18 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն հիմնականն էր ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի կողմէ մեկասենթըրներու դրութեան մասին զեկուցումը, սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի հարցն ու կարգ մը անմիջական այլ հարցեր:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ գնդապետ Հասան Շքէյրը նշանակելու Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ, իսկ հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան` ընդհանուր տնօրէն, քաղաքացիական հանգամանքով:
Կառավարութիւնը Զիատ Մքարին նշանակեց տեղեկատուութեան նախարար:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` անկախ մեկասենթըրներ հաստատելու մասին արձանագրուած կեցուածքներէն, որոնց պատասխանատուութիւնը կը կրէ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք մեկասենթըրի հաստատման համաձայն է, որովհետեւ ներկայ տնտեսական ու ելեւմտական վատ պայմաններուն համար անոր կառուցումը խնայողական կրնայ ըլլալ, ինչպէս նաեւ քուէարկողներու աւելի մեծ համեմատութիւն կրնայ ապահովել:
Նշենք, որ նախագահ Աուն նիստէն առաջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ օրինագիծի մը, որ կ՛ենթադրէ ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը, որուն հիման վրայ 2026-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեկասենթըրներու դրութիւնն ու մագնիսական քարտի որդեգրումը անպայման կ՛որդեգրուին:
Հալապի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը մտավախութիւն ունէր, որ մեկասենթըրներու դրութեան որդեգրումը կրնայ ուշացնել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, «հետեւաբար համաձայնութիւն գոյացաւ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու», հաստատեց Հալապի: