Անուշ Նագգաշեան
Մեր մանկութեան ձմրան գիշերները շա՜տ երկար եւ հետաքրքրական էին… Կէսօրէ ետք ժամը հինգ-հինգուկէսին մութը ինկա՞ւ՝ գիշերը կը սկսէր։
Հեռուստացոյցը բարեբախտաբար այնքան ճոխ չէր, եթէ ըլլար՝ այս հետաքրքրական պատմութիւնները ես ո՞ւրկէ պիտի լսէի…
Միայն քանի մը բազմադրուագներ կային, որոնց կը հետեւէինք, եւ անոնք մի՛շտ երեկոյեան ժամը ութուկէսին կ՚ըլլային, այդ ժամանակ խօսակցութիւնները կը դադրէին, կատարեալ լռութիւն, կը հետեւէինք պատմութեան եւ կը սպասէինք մինչեւ յաջորդ շաբաթը շարունակութիւնը դիտելու համար։ Մէկ շաբաթ սպասելը դիւրին չէր, եզրակացութիւններ կ՚ընէինք, կարծիքներ կը յայտնէինք, բոլոր փոքրերս նոյն հերոսին կը սիրահարուէինք եւ վերջապէս կ՚անցնէինք մեր նիւթերուն։ Սերունդներու տարբերութիւնը կը չէզոքացուէր, նիւթեր կային, որ բոլորիսն էին։
Բամբասանքը արգիլուած էր, բայց «Բանն ասանկ է» ին իրաւունք ունէինք… Մեծերը ամէն բան գիտէին, ով կծծի է, ով աչքը ծակ է, որո՞ւն ձեռքը երկար է, որու՞ւն միտքը ծուռ…
Այդ օրը մեր հետեւած բազմադրուագին հերոսուհիին կծծի ամուսինը թանթիկ Մարիին յիշեցուց Պարոն «Կարծէ Որ»եանին…
Թանթիկ Մարին հիներէն էր, բնականաբար լաւ կը ճանչնար բոլորին՝ այսինքն հիներուն, իր սերնդակիցներուն, անոնցմէ քիչ մը առաջ եւ քիչ մը ետքն ալ։ Բոլորին ուղն ու ծուծը գիտէր։ Վարպետ բուրդ հիւսող, բոլորիս համար, դեռ նոյնիսկ ես չամուսնացած ունենալիք զաւակիս ու թոռնիկիս համար գեղեցիկ բաճկոններ հիւսած եւ օճառներու մէջ նուիրած էր ինծի, որ եթէ ողջ չ՚ըլլայ՝ իր պարտականութիւնը կատարած ըլլար։ Ինք վերջին ծայր կոկիկ, գեղեցիկ կը հագուէր, ամէն շաբաթ օր մազայարդարին պիտի երթար, օղերու, զարդասեղներու, վզնոցներու բոլոր գոյները ունէր, մեծ մասը Ամերիկայէն ազգականները ղրկած էին։ Ամբողջ կեանքը աշխատած, չէր ամուսնացած եւ մեզի իր ունենալիք՝ բայց չունեցած զաւակներուն չափ կը սիրէր, մանաւանդ ինծի։ Ծերութեան օրերուն եթէ համարձակէի օր մը չհանդիպիլ իրենց տունիս ճամբուն վրայ՝ լաւ յանդիմանութեան մը կ՚արժանանայի, որուն անպայման կը յաջորդէր «Անուշիկ քեզի շատ կը սիրեմ, դուն իմ աղջիկս ես, ամէն օր հանդիպիր, ինչ կ՚ըլլայ, մէկ աչքս դուն ես, միւս աչքս Սարօն»։ Այսպէս կը սիրէր թանթիկ Մարին մեզի։
Ընդհանրապէս հաւաքոյթները Սիր հօրաքրոջս տունը կ՚ըլլային, բոլորս նոյն թաղը կ՚ապրէինք, հօրաքրոջս հիւրընկալ տունը ճիշդ մէջտեղն էր, դուռը բաց, սիրտը բաց, սեղանը բաց։ Թէյնիկը Aladdin վառարանին վրայ էր միշտ՝ թէյը անպակաս, միայն հաց տաքցնեու համար կը հանէինք յետոյ ետ կը դնէինք։ Ի՜նչ անհոգ օրեր էին երբ մէկ գաւաթ թէյին համար չորս դգալ շաքար կը լեցնէինք։ Քամուած մածունը տունը կը պատրաստուէր յատուկ ճերմակ տոպրակներու մէջ, առատ ձէթ վրան, հօրաքոյրս այնքան գեղեցիկ կը զարդարէր՝ կարմիր պղպեղով խաչ մը կ՚ըներ եւ եռանկիւններուն մէջ չոր անանուխ կը տարածէր… Արաբական խաշած պանիրը… Տունը պատրաստուած ձիթապտուղը… Եւ հօրաքրոջս անզուգական ձուածեղը, գաղտնիքը իր աղջիկը ըսաւ տարիներ ետք, բայց երբե՛ք նոյն արդիւնքը չունեցան իմ ամէն ջանք թափած նոյն ձեւով պատրաստած ձուածեղներս։
—Թանթիկ Մարի Պարոն Կարծէ Որեանին մասին պիտի պատմէիր…
—Արդէն ուշ է, վաղը։
— Ո՛չ, ոչ, վաղը Կիրակի է դպրոց չունինք, այսօր։
—Որքա՛ն հարուստ էր, այնքան ալ կծծի մարդ մըն էր Ասատուրը, հիւսելը շարունակելով սկսաւ թանթիկ Մարին։ Հրապարակի վրայ կօշիկի խանութ ունէր, շատ սուղ էին իր ձեռքով պատրաստուած կօշիկները, նոյնիսկ իտալական կօշիկներուն հետ կը համեմատուէին։ Բայց ինչ ընենք՝ մարդը կծծի էր։
Մօրը հետ կ՚ապրէր, անոր մահէն ետք ընկերները հազիւ-հազ կրցան համոզել զինք, որ պէտք է ամուսնանայ։
— Եւ քանի՞ տարեկան էր։
—Էհ, եթէ ծոծրակը տեսնէր՝ յիսունը մէյ մըն ալ կը տեսնէր, ըսաւ թանթիկ Մարին իր յատուկ խօսելաոճով։
—Վերջապէս ի զարմանս բոլորին համոզուեցաւ։ Ծնողքը կորսնցուցած, առանձին ապրող քառասունի մօտ աղջիկ մըն էր Սիրանուշը, այն ատեն մանաւանդ քառասուն տարեկան օրիորդ մը արդէն շատոնց տունը մնացած կը համարուէր։ Յարմար էին, Լաւ ընտանիք մը կրնային կազմել։ Սիրանուշը եփող-թափող, Ասատուրն ալ…
—Թանթիկ Մարի, դուն տունը չես մնացած չէ՞, պարզապէս մարդու չես հաւնած, քեզի յարմար մէկը չէ եղած…
Մայրս աչք-յօնք ըրաւ, բայց ալ ըսելիքս ըսած էի։ Ինծի համար անընդունելի էր, այդքան զարդարուն թանթիկ Մարին տունը մնացած էր։
—Է՛հ Անուշիկ, ոմանք ալ սպասումի զոհը գացին։ Պատերազմը շա՜տ աւերներ գործեց, սիրտեր կոտրեց… Բայց հիմա…
—Բայց հիմա ի՞նչ թանթիկ Մարի… Հիմա մէկը կա՞յ…
—Թանթիկ Մարիին ո՞վ չուզեր, միջամտեց մայրս։
— Ամա՜ն Անուշիկ, նիւթը ես չեմ։ Այդ նշանտուքը Ասատուրին անունը անգամ փոխեց։ «Կարծէ Որեան» անուն մականունը դաջուեցաւ ճակատին, այլեւս այդպէս ճանչցուեցաւ, նոյնիսկ հարսանեկան հրաւէրի մը վրայ «Յարգելի Տիար Կարծէ Որեան» գրեր էին։
Ուրեմն նշանտուքին յաջորդ Կիրակին Սիրանուշին կը հրաւիրէ միասին անցընելու։ Տեսնէ՜ք, թեւ-թեւի անցած ինչպէս անցան Մեծ Բակէն… Նշանուած էին՝ իրաւունք ունէին…
Այն ատեն նշանուածները ինչ պիտի ընէին, շատ-շատ շարժապատկերի պիտի երթային, կամ ճաշարան, բայց չէ՞ որ Ասատուրը հարուստ էր, ուրեմն բոլորս վստահ էինք, որ վերջապէս ձեռքը գրպանը պիտի տանի եւ թէ՛ շարժապատկերի եւ թէ՛ ալ ճաշարան պիտի տանի։
—Թանթիկ Մարի, գաղտնի-մաղտնի պաչիկ-մաչիկ ալ կ՚ընէի՞ն…
—Ինչ գիտնամ, չեմ նշանուած, ինչպէս գիտնամ…
—Շատ հարցում մի՛ ընեք, պատմութիւնը լսենք, այս անգամ վիճակը փրկելու համար միաջամտեց հօրաքոյրս։
Բայց ես չէի մոռցած, որ թանթիկ Մարին ալ նշանուած էր, շնորհաւորելու գացեր էինք, անմիջապէս աչքիս զարկաւ մատին տարօրինակ, բնականէն շատ աւելի բարձր կապոյտ քարով մատանին։ «Աման Մարի մատանիդ ալ շատ իւրայատուկ է, ըսաւ մայրս»։ «Ինչը իւրայատուկ է, ջղային մը պատասխանեց թանթիկ Մարին, հարուստ է ըսին, բարակ բնթի մատանի մը անցուց մատիս, ամօթէս այս ունեցածս հանեցի դրի մատիս, գիտես ժողովուրդը, Մարին հարուստի նշանուեր է ըսելով մատիս պիտի նային»։ Եւ ջղային մը ձեռքը բարձրացուց, վախցայ, որ մատանին աչքը հանէ, բայց բարեբախտաբար քիթը մտաւ։
Ա՜խ, իմ լաւ ընկերուհիս էր թանթիկ Մարին, ե՞րբ առանձին պիտի նստէի հետը, այնքա՜ն հարցումներ ունէի, մատանիէն մինչեւ պաչիկ, կամ թերեւս՝ պաչիկէն մատանի։
—Ասատուրը Սիրանուշին նախ շարժապատկերի կը հրաւիրէ, շարունակեց թանթիկ Մարին, տակաւին տոմսերը չգնած նշանածին կ՚առաջարկէ. «Եկուր մէյ մը սա նկարները նայինք, հերոսը աս ըլլալու է, Օ՜, կարծես օդոյի արկած մըն ալ պիտի ունենան, բայց այս մէկը ուրախ նկար մըն է, ուրեմն պիտի ազատին եւ միանան։ Գիտե՞ս ինչ Սիրանուշ, պատմութիւնը գիտցանք, կարծէ, որ մտանք նայեցանք, եւ քանի որ արդէն նայեր ենք՝ ճաշարան մը երթանք»։
Ճաշարան կը մտնեն, մատուցողը արաբական ճոխ հիւրասիրութեամբ, լայն ժպիտով եւ հազար ու մէկ անուշ խօսքերով նշածնածներուն կը տեղաւորէ, ճաշացուցակը կը ներկայացնէ, մինչայդ պաղ ջուր մը անմիջապէս կը բերուի, Սիրանուշը չի հասնիր ճաշացուցակը լման նայելու. «Սիրանուշ, ջուրդ խմէ, կարծէ որ ճաշեցինք»։
—Թանթիկ Մարի, Սիրանուշն ալ ապո՞ւշ է, ի՞նչ է եղեր…
—Սպասէ՜, դեռ ինչեր պիտի ըլլան։ Ճաշարանէն կ՚ելլեն, Ասատուրը արագ-արագ կը քալէ, որ նշանածը ժամանակ չունենայ ցուցափեղկերը զննելու։ Բայց հագուստի խանութի մը առջեւ կը կենայ Սիրանուշը, «Գեղեցիկ հագուստ է, ետ դառնալով կ՚ըսէ Ասատուրը, բայց հագածդ աւելի գեղեցիկ է, գիտե՞ս ինչ, կարծէ որ առինք եւ հագուեցար»։
Այդ ժամանակ երբ մէկ սենեակի մէջ եօթ-ութ հոգի կ՛ապրէինք, մանաւանդ տաքերուն, ժողովուրդը դուրս կը թափէր, ո՞վ տունը կը նստէր, դրացիներով դուռերուն առջեւը, բակը կը նստէինք։ Իսկ այդ օրը՝ չնստողն ալ պիտի նստէր,հետաքրքրական էր թէ Սիրանուշը ինչպէս տուն պիտի դառնայ, դէմքին ժպիտը ո՞ր աստիճանի ուրախութիւն պիտի արտայայտէ… Ձեռքը տոպրակ մը կա՞յ… Նշանածը մինչեւ տուն պիտի հասցնէ՞ զինք, հետը տուն պիտի մտնէ՞…
Սիրանուշը սպասուածէն առաջ եկաւ բնականաբար, ամէն բան «Կարծէ որ»ով եղած էր… Առաջին անգամ ըլլալով այդքան ինքնավստահ, գործնական օրիորդի մը քայլերով հասաւ տունը, դուռին առջեւ բան մը ըսաւ Ասատուրին եւ վայրկեան մը անգամ չանցած դուռը շրխկոցով մը գոցուեցաւ Ասատուրին երեսին։ Այդ երեկոյեան հակառակ տաքին Սիրանուշին սենեակին դուռը չբացուեցաւ, բայց յաջորդ օրը պատմութիւնը տարածուեցաւ… Երբ տուն կը հասնին, դրան առջեւ Սիրանուշը մատանին կը հանէ մատէն, կու տայ Ասատուրին եւ կ՚ըսէ «Կարծէ որ ամուսնացանք»…
Եւ Ասատուրը յաւիտեանս յաւիտենից կը կնքուի Կարծէ Որեան։
Է՛հ, կծծի Պարոն Կարծէ Որեան, դուն ալ կարծէ որ ապրեցար։
Իսկ թանթիկ Մարին իր կապոյտ քարով մատանին կամաց մը նախկին տեղը պահեց, պահարանին մէկ անկիւնը, թէ՞ որ վերմակին մէջ՝ այդ գաղտնիքները իսկական գաղտնիքներն էին… Բայց այդ մատանին մէյ մըն ալ չտեսանք։
—Թանթիկ Մարի, չէ՞ որ նշանածիդ մասին պիտի պատմէիր ինծի…
— Պատմելիք չկայ Անուշիկ, եղած-չեղածը քանի մը օր նշանուեցանք…
Կարճի կապեց թանթիկ Մարին, գիտնալով, որ հարցումներու տարափը անխնայ պիտի տեղար…։
Անուշ Նագգաշեան
Սեպտեմբեր, 2022