Կարօ Ճըղլեանի անժամանակ կորուստը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը դրաւ անխուսափելի իրողութեան դիմաց: Եւ ահա, տարի մը ետք, դարձեալ մեզի հետ է Կարօն…
Հաւատք, նուիրում, աշխատանք եւ նպատակասլացութիւն: Այսպիսի յատկանիշներ կը ներշնչէր Կարօն շրջապատին: Կարօն իր ճիգերը եւ ժամանակը ամբողջութեամբ նուիրեց ի խնդիր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան: Հաւատաց մեր հաւաքականութեան արժէքներուն, արժանացաւ բոլորին գնահատականին:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ընդհանրապէս եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը յատկապէս,անբաժան մասը կազմեցին Կարօ Ճըղլեանի գործունէութեան: Մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը հաւատարիմ զաւակը մնաց Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, որուն առաքելութեան եւ իտէալներուն գործադրութեան համար բերաւ իր անսակարկ լուման:
Անմոռանալի պիտի մնայ Կարոյի ցուցաբերած ամուր կապուածութիւնը եւ օրինակելի նախանձախնդրութիւնը մեր միութեան արժէքներուն եւ իտէալներուն:
Միութենական կեանքի մա՛րդ էր ան, ողնուծուծով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական։ Տեղ մը պարտականութիւն կա՞ր, դժուարութիւ՞ն գոյութիւն ունէր, Կարօն հո՛ն էր եւ շրջահայեաց մօտեցումով հարցերը բարւոք կերպով լուծելու շնորհը ունէր։Մեծ էր ան իր համեստութեամբ եւ խոնարհ՝պարկեշտութեամբ։ Կարօն կը պատկանէր մեծերու սերունդին։
Կարօն ունէր նկարագրային գիծ մը, որ զինք շուտով մտերիմ կը դարձնէր նոր ծանօթացողին։ Ընկերասէր ու ընկերային մարդ էր Կարօն: Կեանքի ճամբան կտրած միջոցին եւ շնորհիւ իր ազնիւ ու հաղորդական նկարագիրին, ստեղծած էր ընկերական լայն շրջանակ։
Կարոյի եւ նմաններուն օրինակները սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝ անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։
Ընկերասէր ու ընկերային մարդ էր Կարօն: Կեանքի ճամբան կտրած միջոցին եւ շնորհիւ իր ազնիւ ու հաղորդական նկարագիրին, ստեղծած էր ընկերական լայն շրջանակ։
Կարոյին երախտիքը նոյնքան մեծ եղաւ Լիբանանի ազգային կեանքի մէջ, իր բեղուն ծառայութիւններով, իբրեւ միութենական մարդ: Արժանաւորապէս եղաւ Ազգային երեսփոխան՝ միշտ հաւատաւոր ու ամբողջական ծառայութեամբ։
Կարօ Ճըղլեանի անունը անջնջելի կերպով արձանագրուած պիտի մնայ լիբանանահայ համայնքի ժամանակակից պատմութեան մէջ, շնորհիւ անոր ազգային-հասարակական, կրթական-մշակութային, ընկերային-միութենական բազմակողմանի ու բազմարդիւն ծառայութիւններուն:
Սիրելի Կարօ, Քու լուսաւոր յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ ազնուափայլ տիկնոջդ Սեդային, զաւակներուդ՝ Անիին եւ Յակոբին, բարեկամներուդ սրտերուն մէջ, իբրեւ մարդ, ընտանիքի հայր, միութենական եւ իսկական նուիրեալ: Կսկիծով կը յիշենք կորուստդ, սակայն բերկրանքով կը վերապրինք այն աւանդը, որ ձգեցիր մեր սրտերուն մէջ: Աւանդ, որուն հետ պիտի դաստիարակուին նոր սերունդներ:
Տարելիցիդ յուզումնախառն այս օրերուն միասնաբար կ’ըսենք՝ հանգիստ աճիւններուդ… յիշատակդ անթառամ սիրելի Կարօ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ